Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան մերժած է ներում շնորհել Նաիրի Յունանեանին եղբօրը՝ ցմահ բանտարկուած Կարէն Յունանեանին։ Նախագահ Խաչատուրեանի հրամանագիրը հրապարակուած է Արդարադատութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ։ Մերժման պատճառներուն մասին չի հաղորդուիր։
Հրամանագիրը ստորագրուած է Յունիս 26-ին։
Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան պարագլուխին եղբայրը աւելի վաղ դիմած էր կառավարութիւն՝ խնդրելով իրեն ներում շնորհել եւ ազատ արձակել։
Ահաբեկչութեան գործով ցմահ բանտարկուած են նաեւ յանցախումբի պարագլուխ Նաիրի Յունանեանը եւ եւս երեք հոգի։