Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Պէտք Է Վերացնեն ԼՂ Շրջափակումը Եւ Վերջ Դնեն Մարդասիրական Ճգնաժամին. Amnesty International

Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Պէտք Է Վերացնեն ԼՂ Շրջափակումը Եւ Վերջ Դնեն Մարդասիրական Ճգնաժամին. Amnesty International

by MassisPost

Միջազգային իրաւապաշտպան Amnesty International կազմակերպութիւնը Թուիթըրով գրառում կատարած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման մասին։

Գրառման մէջ կ’ըսուի, որ Յունիս 15-ին Ատրպէյճանը դադրեցուցած է բոլոր տեսակի փոխադրումները Լաչինի միջանցքով՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհով։

Amnesty International-ը նշած է, որ տարածաշրջանը շրջափակման մէջ է 2022 թուականի Դեկտեմբերէն։ Այդ ժամանակէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը յոյսը կը դնէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն եւ Կարմիր Խաչի մարդասիրական օգնութեան վրայ։

«Այժմ ատրպէյճանցի զինուորները արգելափակած են մուտքը, մարդասիրական ճգնաժամը աւելի կը խորանայ։ Յունիս 26-ին Կարմիր Խաչը թոյլ տուաւ վերսկսիլ ծանր հիւանդներու տարհանումը։ Այնուամենայնիւ, հիւանդանոցներու մէջ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու խիստ պակաս կայ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է վերացնեն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը եւ վերջ դնեն թափ առնող մարդասիրական ճգնաժամին», յայտարարած է կազմակերպութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment