Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նուազագոյն Կենսաթոշակի Չափը Հաւասարած Է Պարէնային Զամբիւղի Արժէքին

Նուազագոյն Կենսաթոշակի Չափը Հաւասարած Է Պարէնային Զամբիւղի Արժէքին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ Յունիս 29-ի նիստին որոշում կայացուած է բարձրացնել նուազագոյն կենսաթոշակներու եւ նպաստներու չափերը, ինչպէս նաեւ հաստատուած է Պարէնային անվտանգութեան համակարգի զարգացման ռազմավարութիւնը եւ 2023-2026 թուականներու գործողութիւններու ծրագիրը։

Իրականացուող փոփոխութիւններով՝ կառավարութիւնը քայլեր պիտի ձեռնարկէ մինչեւ 2026 թուականը նուազագոյն կենսաթոշակի եւ կենսաթոշակի միջին չափերը հաւասարեցնել, համապատասխանաբար` պարէնային եւ  սպառողական զամբիւղներու արժէքներուն։

Ըստ նախատեսուող փոփոխութիւններուն՝ 2023-ի Յուլիս 1-էն նուազագոյն կենսաթոշակի չափը պիտի կազմէ 36 հազար դրամ՝ ներկայիս 31 հազար 600 դրամի փոխարէն։ Ըստ էութեան, 2018 թուականին համեմատ, սոյն փոփոխութեամբ նուազագոյն կենսաթոշակի չափը աճած է 20 հազար ՀՀ դրամով կամ  225 տոկոսով:

Այս տարուան առաջին եռամսեակին պարէնային զամբիւղի ամսական արժէքը 1 շունչի հաշուով կազմած է 36 հազար 188 դրամ, իսկ նուազագոյն սպառողական զամբիւղին արժէքը՝ 66 հազար 943 դրամ։

Ըստ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կենսաթոշակներու բարձրացմամբ յետվճարը հաշուի առնելով՝ պարէնային զամբիւղը կ’ապահովուի 99 տոկոսով, իսկ սպառողական զամբիւղը՝ 73,7 տոկոսով միջին կենսաթոշակի եւ սպառողական զամբիւղի յարաբերակցութիւն: Այսպիսով, նուազագոյն կենսաթոշակի չափը արդէն իսկ հաւասարած է պարէնային զամբիւղի արժէքին, որ մարդու օրկանիզմին անհրաժեշտ սնունդի նուազագոյն քանակը կ’ապահովէ` օրական 2412,1 ջերմուժ:

Պարէնային անվտանգութեան համակարգի զարգացման ռազմավարութեան իրականացման շնորհիւ եւս կ’ակնկալուի ապահովել բնակչութեան բոլոր խումբերուն համար նուազագոյն պարէնային զամբիւղի հասանելիութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment