Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ «Բոլոր Հնարաւոր Միջոցներով Պիտի Շարունակէ Օգնել Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին՝ Զարգացնելու Խաղաղութեան Գործընթացին Ջանքերը». Միլլըր

ԱՄՆ «Բոլոր Հնարաւոր Միջոցներով Պիտի Շարունակէ Օգնել Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին՝ Զարգացնելու Խաղաղութեան Գործընթացին Ջանքերը». Միլլըր

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ իրենք «ուրախ են» եւ իրենց համար «պատիւ» է ընդունիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները՝ բանակցութիւնները դիւրացնելու համար։

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր մամուլի համար ամէնօրեայ ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները «ոգեւորուած է» խաղաղ գործընթացին արդիւնաւէտօրէն մասնակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ վերջերս ցուցաբերած ջանքերով։ «Բոլոր հնարաւոր միջոցներով մենք պիտի շարունակենք օգնել անոնց այդ խթանը զարգացնելու համար», ըսած է ան:

Միաժամանակ Միլլըր ձեռնպահ մնացած է բանակցութիւններու բովանդակութեան մանրամասնութիւնները բացայայտելէ եւ մերժած է խօսիլ հանդիպման արդիւնքներէն հնարաւոր ակնկալիքներուն մասին։

«Հաւանաբար, եթէ նոյնիսկ ընէի, ես յաջողութեան չէի հասներ», ըսած է ան: «Չեմ կարծեր, որ մենք կը փափաքինք խօսիլ բանակցութիւններուն մասին ճանապարհի մէկ երրորդին», յաւելած է ան:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Երեքշաբթի առաւօտեան անձամբ հանդիպած է նախարարներէն իւրաքանչիւրին հետ, ապա հանդիպում ունեցած է երկուքին հետ միասին։ «Երկխօսութիւնը կայուն խաղաղութեան բանալին է», աւելի ուշ Թուիթըրով գրած է Պլինքըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment