Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեանի Ընտանիքին Պատկանող Հողին Օրինականութիւնը Դատախազութիւնը Կը Վիճարկէ Դատարանին Մէջ

Յովիկ Աբրահամեանի Ընտանիքին Պատկանող Հողին Օրինականութիւնը Դատախազութիւնը Կը Վիճարկէ Դատարանին Մէջ

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Արտաշատի համայնքապետին դէմ շարք մը հայցադիմումներ ներկայացուցած է վարչական դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ Նարեկ, Մխչեան գիւղերու ղեկավարներուն կողմէ Աբրահամեաններուն օտարած մօտ 161 հա հողի օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ վերացնել հետեւանքները: Խոշորացումէն յետոյ նշուած գիւղերը մտած են Արտաշատ համայնքի կազմին մէջ այդ իսկ պատճառով պահանջը ներկայացուած է Արտաշատի համայնքապետի դէմ: Գրած է «Հետք»ը։

Արարատի մարզի Մխչեան համայնքին ղեկավարը 2004-ի Սեպտեմբեր 24-ին 5 տարբեր որոշումներով ընդհանուրը 40,6 հա հողատարածք օտարած է նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որդւոյն՝ Արգամ Աբրահամեանին: 2003-ի Փետրուար 7-ի որոշմամբ 4092 քմ, հողամաս ալ օտարած է Յովիկ Աբրահամեանին կնոջ՝ Ճուլիեաթ Աբրահամեանին:

Ինչպէս «Հետք»ին փոխանցած են Գլխաւոր Դատախազութենէն՝  համայնքի ղեկավարին որոշումները կայացուած են օրէնքի խախտմամբ, քանի որ օտարուած են պահեստային ֆոնտի հողերուն վրայ ընդգրկուած հողամասեր՝ առանց անոնց նպատակային նշանակութեան փոփոխութեան, մինչդեռ անոնց օտարումը կը թոյլատրուի միայն նպատակային նշանակութիւնը փոխելէ յետոյ:

Հողային օրէնսգիրքի 60-րդ յօդուածին համաձայն, ի թիւս այլի, կ’արգիլուի քաղաքացիներուն եւ իրաւաբանական անձերու սեփականութեան իրաւունքով փոխանցել պետական եւ համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող այն հողամասերը, որոնք զբաղեցուած են ընդհանուր օգտագործման արօտավայրերով, անասուններու անցատեղերով, ճանապարհներով, բնական ջրհորներով, աղբիւրներով եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու որոշմամբ, այլ կառոյցներով:

2001-ի Հոկտեմբեր 30-ին ալ նոյն մարզի Նարեկի համայնքապետը 120 հա հողամաս օտարած է «Արտաշատ Վինկոն» ընկերութեան: Այդ հողամասը կը ներառէ արօտավայրեր, որոնք որպէս ոչ օտարման ենթակայ հողամասեր ընդգրկուած են Հողային օրէնսգիրքի սահմանափակումներու ցանկին մէջ եւ ենթակայ չեն օտարման:

Սակայն տարիներու ընթացքին այդ հողամասերը դարձած են այգի: Տարածքին մէջ նոյնիսկ փոքր ջրամբար կառուցուած է, որպէսզի այգիները պատշաճ ոռոգուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment