Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը Ապօրինի Է Եւ Պէտք Է Դադրեցուի. Նաթալի Լուազօ

Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը Ապօրինի Է Եւ Պէտք Է Դադրեցուի. Նաթալի Լուազօ

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնաժողովի պատուիրակութիւնը միացաւ դէպի
Լաչինի միջանցք տանող Հաքարիի կամուրջին մերձակայ տարածքին Մարքուս Ռիթերի գլխաւորած Եւրոմութեան
պարեկութեան՝ տեղւոյն վրայ անվտանգային իրավիճակը աւելի լաւ հասկնալու համար», Թուիթըրով գրած է
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը։

Լաչինի միջանցքին արգելափակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի, յայտնեց Եւրոխորհրդարանի անվտանգութեան
եւ պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն, որ մինչ այդ իր
պատուիրակութեամբ այցելած էր Սիւնիք, մօտեցած Հաքարիի կամուրջին՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին։

Եւրոպացի պատգամաւորը նաեւ շեշտեց, որ Եւրոպական Խորհրդարանը ամբողջովին կողմ է Լաչինի միջանցք
փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու գաղափարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment