Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Պէտք Է Թոյլ Չտայ, Որ Ատրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագրին Պայմանները․ Գոնկրէսական Փալոն

ԱՄՆ-ն Պէտք Է Թոյլ Չտայ, Որ Ատրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագրին Պայմանները․ Գոնկրէսական Փալոն

by MassisPost

Ատրպէյճանը ակնյայտօրէն կանխամտածուած քայլեր կը ձեռնարկէ Արցախէն բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը հեռացնելու եւ նախնիները ժողովրդավար երկրի մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն զրկելու համար։ Այդ, ըստ էութեան, զտումներու յստակ նշան է, ինչ որ պէտք չէ անտեսուի։

Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Հայկական Յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը ԱՄՆ Գոնկրէսի Թոմ Լանթոսի անուան Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովին մէջ «Պաշտպանելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը» խորագրով լսումներուն ժամանակ:

Գոնկրէսական Փալոնը, որ լսումներուն ժամանակ ներկայացուցած է իր դիտարկումներն ու առաջարկութիւնները, նախեւառաջ ընդգծած է Ատրպէյճանի ցեղասպանական մտադրութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող յարձակման եւ շրջափակման պայմաններուն մէջ: Փալոնի դիտարկմամբ՝ Ատրպէյճանի նախագահը մէկ կողմէ կը քննարկէ արցախեան հիմնահարցը, բայց միւս կողմէ կը տեղահանէ արցախահայերը՝ չփորձելով նոյնիսկ թաքցնել շարունակաբար հայկական տարածք մահաբեր ներխուժումներ իրականացնելու նկրտումները:

«Արդէն ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները սկսի աւելի լաւ ու արդիւնաւէտ կիրառել իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական գործիքները, ներառեալ պատժամիջոցները, որպէսզի վերջ տայ այս ճգնաժամին», ըսած է Փալոնը։

Անդրադառնալով տեղեկութիւններուն, որ միւս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, գոնկրէսական Փալոնը ԱՄՆ վարչակազմին կոչ ըրած է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ կանխելու Ատրպէյճանի ռազմատենչ վարքագիծը, որով վերջինս կը փորձէ թելադրել վերջնական համաձայնագրի պայմանները: Այդ, ըստ գոնկրէսականին, պիտի չյանգեցնէ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment