Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ Պետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպական Բանակներու Ամէնամեայ Համաժողովին

ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ Պետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպական Բանակներու Ամէնամեայ Համաժողովին

by MassisPost

Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար Տերիլ Ուիլիամզի հրաւէրով ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Գերմանիա՝ մասնակցելու Եւրոպական Բանակներու ամէնամեայ համաժողովին։

Համաժողովին առաջին օրը տեղի ունեցած է զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանի ոչ-պաշտօնական հանդիպումը ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու շտաբի պետ, զօրավար Ճէյմս ՄքՔոնվիլի հետ։ Համաժողովի շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուին ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետին շարք մը այլ հանդիպումներ եւրոպացի գործընկերներուն հետ։

ԳՇ պետը նոյն ձեւաչափով հանդիպած է նաեւ Եւրոպայի մէջ ՑԶ հրետանիի պետ, հայազգի զօրավար-մայոր Սթեֆան Մարանեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment