Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանի Մէջ Կը Պահպանուի Հայաստանի Դէմ Թշնամական Խօսոյթը. ECRI

Ատրպէյճանի Մէջ Կը Պահպանուի Հայաստանի Դէմ Թշնամական Խօսոյթը. ECRI

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի մարմինը՝ ECRI-ն, իր հրապարակած զեկոյցին մէջ նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը պահպանուի Հայաստանի դէմ յամառ թշնամական խօսոյթը, որուն արմատները կը տարածուին Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած ձգձգուող հակամարտութեան եւ դիմակայութիւններու ծիրին մէջ:

«Հանրային ատենախօսութիւնը կը բնութագրուի քաղաքական գործիչներու, այդ շարքին՝ ամենաբարձր մակարդակի, եւ այլ հասարակական գործիչներու հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ սադրիչ հռետորաբանութեան օգտագործմամբ, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ ընկերային ցանցերուն մէջ ատելութեան պարունակի լայն տարածմամբ», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ։

ECRI-ն կը կիսէ այլ միջազգային կառոյցներու կողմէ արտայայտուած խիստ մտահոգութիւնները հասարակական վայրերու մէջ ատելութեան խօսքի կիրառման վերաբերեալ: Ուստի Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ուժեղացնեն ատելութեան բորբոքման դէմ իրենց միջոցները՝ ստեղծելով միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ՝ ցեղապաշտութեան արդիւնաւէտ հակազդելու համապարփակ ռազմավարութիւն մշակելու համար, կ’ըսուի զեկոյցին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment