Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցի Զինուոր Հիւսէյն Ախունտովը Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

Ատրպէյճանցի Զինուոր Հիւսէյն Ախունտովը Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

by MassisPost

Կապանի դատարանին մէջ հրապարակուեցաւ ատրպէյճանցի զինուոր Հիւսէյն Ախունտովի դատավճիռը։ Ան դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան։

Այս ատրպէյճանցին մեղաւոր ճանչցուեցաւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի անվտանգութեան աշխատակից՝ 56-ամեայ Հայրապետ Մելիքսէթեանը սպաննելու համար։ Մելիքսէթեանի ընտանիքը անընդունելի կը համարէ այս դատավճիռը եւ ցմահ բանտարկութիւն կը պահանջէ։

Ապրիլի սկիզբը Ախունտովը, ատրպէյճանցի մէկ այլ զինուոր՝ Ակշին Պապիրովի հետ, Նախիջեւանէն Սիւնիք ներթափանցած էին, Սիւնիքի սահմանային գիւղերու բնակիչները բռնած էին զանոնք։ Դատարանը Պապիրովը 11 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց՝ սահմանը ապօրինի հատելու, պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու համար։ Իսկ Ախունտովը նաեւ սպանութեան համար կը մեղադրուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment