Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկացի Վերլուծաբանը Կոչ Կ’ընէ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Ատրպէյճանի Դէմ՝ Ամերիկեան Գործարանի Վրայ Յարձակելէ Ետք

Ամերիկացի Վերլուծաբանը Կոչ Կ’ընէ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Ատրպէյճանի Դէմ՝ Ամերիկեան Գործարանի Վրայ Յարձակելէ Ետք

by MassisPost

Ամերիկեան Ձեռնարկատիրութեան Հիմնարկի (American Enterprise Institute) աւագ վերլուծաբան Մայքըլ Ռուպինը անդրադարձած է Երասխի մէջ օրերս տեղի ունեցած միջադէպին, երբ ատրպէյճանական ուժերը կրակ բացած էին ամերիկեան ներդրումներու միջոցով կառուցուող գործարանին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով Հնդկաստանի 2 քաղաքացի վիրաւորուած էր: Յօդուածը վերնագրուած է այսպէս՝ «Ատրպէյճանի յարձակումը ամերիկեան ընկերութեան վրայ պէտք է վերջ դնէ պատժամիջոցներէն հրաժարելուն»:

Վերլուծաբանը կը գրէ, որ չհրահրուած յարձակումը կ’ընդգծէ երկու իրողութիւն:

«Առաջինը այն է, որ հակառակ Պետական Քարտուղարութեան այն հաւաստիացման, որ Ատրպէյճանը հրաժարած է ռազմական գործողութիւններէ՝ Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճը լուծելու համար, այնուամենայնիւ, այն կը շարունակէ օգտագործել իր զինուժը ահաբեկելու նպատակով: Երկրորդը այն է, որ Ատրպէյճանը կրնայ որպէս պատրուակ օգտագործել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ հակասութիւնները, սակայն անոր թիրախը Հայաստանն է։ Երասխը Հայաստանի տարածքն է, որ պաշտօնապէս չի վիճարկուիր որեւէ երկրի կողմէ», կը գրէ Ռոււինը՝ յիշեցնելով նաեւ Ջերմուկի վրայ Պաքուի յարձակումը եւ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ Հայաստանի տարածքի որոշ հատուածներու բռնագրաւումը:

Վերլուծաբանը նաեւ կը քննադատէ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը, որուն կողմէ հնչեցուած մտահոգութիւնները «կը հակասեն ԱՄՆ օրէնսդրութեան, որ կ’արգիլէ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրել այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ատրպէյճանը ռազմական յաւակնութիւններ ունի»:

Մայքըլ Ռուպինը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ’ընէ չեղեալ համարելու «Ազատութեան աջակցման ուխտին» 907-րդ լրացումէն հրաժարումը եւ անյապաղ դադրեցնել բոլոր տեսակի ռազմական եւ ոչ-մարդասիրական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, այլապէս այդ պիտի նշանակէ, որ նախագահ Պայտընը եւ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը «շահագրգռուած չեն պաշտպանելու ամերիկեան շահերը, ամերիկացիներուն կեանքը կամ ենթարկուելու ամերիկեան օրէնքներուն»:

«Միայն հռետորաբանութեամբ պատասխանելը նաեւ ետ պիտի մղէ խաղաղութիւնը՝ հաւաստիացնելով Ատրպէյճանին, որ շարունակական յարձակման համար իրեն լուրջ հետեւանքներ չեն սպասեր», եզրափակած է վերլուծաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment