Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Աշոտեանը Կալանաւորուեցաւ

Արմէն Աշոտեանը Կալանաւորուեցաւ

by MassisPost

Հակափտածութեան Դատարանը ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը 2 ամիս ժամկէտով կալանաւորելու մասին որոշում կայացուց:

Այս մասին դատարանի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնեց ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը։

Յիշեցնենք, որ Աշոտեանը ձերբակալուած էր անխօրէին: Անոր առաջադրուած մեղադրանքը լրացուած է: Ան կը մեղադրուի վատնման կազմակերպման եւ խափանման միջոցի պայմանները խախտելու մեջ: Ըստ ՔԿ-ի՝ այդ արտայայտուած է անով, որ Աշոտեանը փորձած է վկաներու եւ մեղադրեալներու հետ հարցաքննութեան ուղարկած իր կողմէ ընտրուած փաստաբաններ, որպէսզի տեղեկանայ հարցաքննութիւններու բովանդակութիւնը:

Նշենք, որ քրէական գործը կ’առնչուի «Երևանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» (ԵՊԲՀ) հիմնադրամի նախկին տնօրէն Միքայէլ Նարիմանեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment