Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հակարիի Կամուրջին Ուղղութեամբ Ատրպէյճանցիներու Յառաջխաղացման Փորձը Կանխուած Է․ ՀՀ ԱԱԾ

Հակարիի Կամուրջին Ուղղութեամբ Ատրպէյճանցիներու Յառաջխաղացման Փորձը Կանխուած Է․ ՀՀ ԱԱԾ

by MassisPost

Յունիս 15-ին, ժամը 8:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան խումբ մը զինուորներ Հակարիի կամուրջին ուղղութեամբ յառաջխաղացման փորձ կատարած են՝ ՀՀ տարածքին դրօշ տեղադրելու նպատակով, կը հաղորդէ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ Ծառայութիւնը։

Ըստ հաղորդման՝ հայկական կողմին ձեռնարկած միջոցներուն շնորհիւ ատրպէյճանցի զինուորներու յառաջխաղացման եւ ՀՀ տարածքին դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած է:

ԱԱԾ-ի փոխանցմամբ, ժամը 10:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունցած է:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի Սահմանապահ Ծառայութիւնը յայտարարած էր, թէ ժամը 8:45-ին Հայաստանի տարածքէն կրակոցներու հետեւանքով Լաչինի սահմանային անցակէտին վրայ ծառայող ատրպէյճանցի սահմանապահ վիրաւորուած է:

Պաքուն նշած է, որ «հակառակորդին կրակակէտը ճնշուած է պատասխան կրակով», իրավիճակը ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու հսկողութեան տակ է՝ «սադրանքի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment