Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Գրիգորեան Կը Մեկնի Մինսք, Ուր Հնարաւոր Է Քննարկէ Ռուսիայէն Զէնք Ստանալու Հարցը

Արմէն Գրիգորեան Կը Մեկնի Մինսք, Ուր Հնարաւոր Է Քննարկէ Ռուսիայէն Զէնք Ստանալու Հարցը

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը աշխատանքային այցով կը մեկնի Պելառուսիա: Արմէն Գրիգորեանը պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Քարտուղարներու Կոմիտէի հերթական նիստին:

Հանդիպման մասնակիցները պիտի քննարկեն ՀԱՊԿ անդամ երկիրներուն անվտանգութեան սպառնացող մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, անոնց չէզոքացման միջոցառումները:

Օրերս Հանրայինի հետ զրոյցին Արմէն Գրիգորեան չէր բացառած, որ Մինսքի մէջ հնարաւոր է ռուս գործընկերոջ հետ քննարկէ նաեւ Երեւանի պատուիրած միլիոնաւոր տոլարներու զէնքին ճակատագիրը:

«Եթէ տեղի ունենայ, մենք կը քննարկենք երկկողմ յարաբերութիւնների հարցեր: Հաշուի առնելով այն իրականութիւնը, որ գոյութիւն ունի, այսինքն` Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմ, Ռուսաստանի կարողութիւնները սպասարկելու իր այդ պատերազմը եւ նաեւ հաշուի առնելով, որ կարողութիւնն այնքան էլ մեծ չի որպէսզի արտահանում էլ տեղի ունենայ, մենք գնացել ենք նաեւ այլ միջոցներ որոնելու ճանապարհով», ըսած էր Գրիգորեան:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վերջերս ըսած էր, որ Երեւանը քննարկած է ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը: Գրիգորեան հարցազրոյցի ընթացքին ալ, դարձեալ քննադատելով կառոյցը, խօսած էր ՀԱՊԿ-ի անարդիւնաւէտութեան մասին:

«Դժուար կը լինի նպաստելու որեւէ օրինակ գտնել 2020 թուականից սկսած, որովհետեւ գիտէք, որ 2020 թուականից սկսած երեք լայնածաւալ յարձակում է տեղի ունեցել Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ եւ այդ երեք յարձակումների ժամանակ ՀԱՊԿ-ը որեւէ աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեանը ցոյց չի տուել», ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment