Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ատրպէյճանն Ու Հայաստանը Խաղաղութեան Շեմին Են»․ Պաքուն Երեք Ուղղութեամբ «Յառաջընթաց» Կ’ակնկալէ

«Ատրպէյճանն Ու Հայաստանը Խաղաղութեան Շեմին Են»․ Պաքուն Երեք Ուղղութեամբ «Յառաջընթաց» Կ’ակնկալէ

by MassisPost

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան շեմին են, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով` ելոյթ ունենալով Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մշտական Խորհուրդի արտահերթ նիստին ընթացքին:

Պայրամով ըսած է, թէ Ատրպէյճանը աշխուժօրէն կ’աշխատի Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Անոր խօսքով` վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի, Մոսկուայի եւ Քիշնեւի մէջ կայացած բանակցութիւնները «հնարաւորութիւն տուած են աւելի լաւ հասկնալու կողմերուն դիրքորոշումները»:

Պաքուն կը սպասէ, որ Երեւանը քաղաքական կամք դրսեւորէ` լուծելու տարաձայնութիւնները երեք ուղղութիւններով, որոնք կը ձեւաւորեն խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ երկկողմ քննարկումներու օրակարգը, ըսած է ան:

Այս ծիրին մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ հիմնական խոչընդոտներն են «Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ Հայաստանի անօրինական ռազմական ներկայութեան շարունակումը», «Ատրպէյճանի ներքին գործերուն Երեւանի միջամտութիւնը», «Պաքուի եւ Ղարաբաղի տարածաշրջանի տեղի հայ բնակչութեան միջեւ երկխօսութեան խոչընդոտումը»:

Պաշտօնական Երեւանը մէկ անգամ չէ հակադարձած Պաքուին` շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումների առկայութեան մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ հայկական զօրք չկայ, այնտեղ գոյութիւն ունի միայն Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment