Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջազգային Գործընկերները Պէտք Է Առնուազն Պարզաբանեն, Թէ Արդեօք Այդ Կը Նշանակէ Հրաժարո՞ւմ Պրիւքսէլի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւններէն. Փաշինեան

Միջազգային Գործընկերները Պէտք Է Առնուազն Պարզաբանեն, Թէ Արդեօք Այդ Կը Նշանակէ Հրաժարո՞ւմ Պրիւքսէլի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւններէն. Փաշինեան

by MassisPost

Առնուազն հասկնալի չեն Ատրպէյճանի նախագահին նախօրէին կատարած շարք մը յայտարարութիւններ: Ես կը կարծեմ, որ այստեղ ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ միջազգային գործընկերները պէտք է առնուազն պարզաբանեն, թէ արդեօք այդ կը նշանակէ հրաժարո՞ւմ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն, այսօր «2022 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետուութեան» քննարկումներուն ժամանակ խորհրդարանին մէջ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանը:

Դիմելով արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանին` վարչապետը շեշտեց, որ գործընկերներէն պէտք է այս հարցումին պատասխանը ստանալ:

«Որովհետեւ, եթէ նշանակում է հրաժարում, այսինքն` բնագիրը, որը հնչել է, շատ մօտիկ է դրան, բայց ես չեմ ուզում մեկնաբանել, պէտք է լրացուցիչ ճշգտումներ մտցնել, որպէսզի մեր հետագայ գործողութիւնները նաեւ ծրագրաւորենք», յայտնեց Փաշինեան:

Ալիեւը նախօրէին Լաչինի մէջ յայտարարել է, որ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնելէ յետոյ խաղաղութեան ն համար փաստացի չէ մնացած որեւէ լուրջ խոչընդոտ: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ «խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային պայմաններուն վրայ, պէտք է բացուի Նախիջեւան տանող ճանապարհը, եւ հայկական զօրքը պէտք է դուրս գայ Արցախէն: Անոնք են մեր պայմանները»:

Անդրադառնաով հարցումին, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է, որ Յունիս 1-ին Մոլտովայի մէջ սպասուող հնգակողմ հանդիպման Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ստորգրեն խաղաղութեան պայմանագիրը, Փաշինեանը պատասխանեց, որ Հայաստանը տակաւին չէ ստացած Ատրպէյճանի մեկնաբանութիւնները հայկական կողմի առաջարկութիւններուն վերաբերեալ:

«Այս պահի դրութեամբ չկայ համաձայնեցուած նախագիծ, որը հնարաւոր լինէր ստորագրել»,  ըսաւ Փաշինեան:

Ալիեւը ուղղակի կը սպառնայ արցախցիներուն` պահանջելով լուծարել պետական մարմինները. «Բոլորին լաւ յայտնի է, որ մենք հնարաւորութիւն ունինք այդ տարածքին մէջ որեւէ գործողութիւն իրականացնել: Այդ պատճառով [Արցախի] խորհրդարանը պէտք է ցրուի, այն տարրը որ իրեն նախագահ կ’անուանէ, պէտք է յանձնուի, բոլոր նախարարները, պատգամաւորները եւ միւս պաշտօնեանները պէտք է թողեն իրենց պաշտօնները: Միայն այդ պարագային կարող է ներման մասին խօսք ըլլալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment