Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-Օրեայ Պատերազմի Օրերուն Բանակին Մէջ «Հինգերորդ Շարասիւն» Եղած Է. Քեարամեան

44-Օրեայ Պատերազմի Օրերուն Բանակին Մէջ «Հինգերորդ Շարասիւն» Եղած Է. Քեարամեան

by MassisPost

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն բանակին մէջ «հինգերորդ շարասիւն» եղած է: Այս մասին Մայիս 9-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը:

««Հինգերորդ շարասիւն» կար եւ հիմա էլ կայ, եւ դրա վերաբերեալ բազմաթիւ գործեր են քննւում: Գործերի մի մասի ընթացքն արդէն իսկ լուծուել է, մի մասը հանրայնացուել է, մի մասը, նախաքննական շահից ելնելով, դեռ չի հանրայնացուել, բայց կը գայ ժամանակը, երբ մեր հասարակութիւնը կը ստանայ իրեն յուզող բոլոր հարցերի պատասխանները, յստակ կ’իմանայ` ովքեր են «հինգերորդ շարասեան» ներկայացուցիչները, թէ ում եւ ինչի պատճառով մենք պարտուեցինք, եւ այդ պարտութեան հանգամանքներն ինչպէս սկսուեցին ու աւարտուեցին», նշեց ան:

Անդրադառնալով դասալքութեան թեմային` Քեարամեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ քրէական գործեր` յարուցուած դասալքութեան եւ տարբեր թեմաներով, պարզապէս ինքը դեռ չ’ուզեր թիւեր հրապարակել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment