Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Պասքեթպոլի Հաւաքականը Լոս Անճլըսի Մէջ Ընկերական Խաղեր Կ’ունենայ Ֆրանսայի Հետ

Հայաստանի Պասքեթպոլի Հաւաքականը Լոս Անճլըսի Մէջ Ընկերական Խաղեր Կ’ունենայ Ֆրանսայի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը ԱՄՆ-ի մէջ ընկերական հանդիպումներ կը կատարէ Ֆրանսայի ընտրանիին հետ:

Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերացիան:

Այս տարուան Յունիսի 16-ին եւ 17-ին Հայաստանի ու Ֆրանսայի հաւաքականները ընկերական խաղեր կը կատարեն  Լոս Անճելըսի մէջ:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Քալամեանը, ով «Տիթրոյիթ Փիստընս» -ի գլխաւոր մարզիչի օգնականն է այս հանդիպումներ մեծ իրադարձութիւն կը նկատէ:

«Անցեալ տարի մենք յաղթեցինք ՖԻԲԱ-ի փոքր երկիրներու առաջնութեան մէջ, իսկ ապագային կը ցանկանք մասնակցիլ աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլի խաղերուն: Այդ իսկ պատճառով Լոս Անճելըսի մէջ կը կատարենք ուսումնամարզական հաւաք եւ ընկերական խաղեր: Ես ոգեւորուած եմ, որ Ֆրանսան համաձայնած է գալ եւ մասնակցիլ այս 2 խաղերուն, անոնք աշխարհի ուժեղագոյն խումբերէն են: Հայաստան – Ֆրանսա խաղը հիանալի հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ Գալիֆորնիայի մէջ ապրող հայերու համար ներկայ գտնուիլ խաղերուն եւ աջակցիլ Հայաստանի հաւաքականին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment