Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Քրեմլինի` Եռակողմ Յայտարարութենէն Բացի Ղարաբաղեան Կարգաւորման Ուրիշ Հիմքեր Չկան

Ըստ Քրեմլինի` Եռակողմ Յայտարարութենէն Բացի Ղարաբաղեան Կարգաւորման Ուրիշ Հիմքեր Չկան

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ ղարաբաղեան կարգաւորման համար, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ համաձայնութիւններէն բացի, ուրիշ իրաւական հիմքեր չկան:

Անոր խօսքով` Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ իրավիճակի կարգաւորման օգնութիւնը կարելի է ողջունել, բայց միայն վերոյիշեալ համաձայնութիւններու հիման վրայ:

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը չի հետեւիր եռակողմ յայտարարութեան: Անցեալ Մարտին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած էր․ «Չկայ եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ, որը Պաքուն խախտած չլինի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment