Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիտի Ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Տուեալներու Ելեկտրոնային Կայք

Պիտի Ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Տուեալներու Ելեկտրոնային Կայք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ Ցեղասպանութեան զոհերու տուեալներու ելեկտրոնային կայք, ուր ի մի պիտի բերուի Ցեղասպանութեան զոհերուն անունները` կենսագրական տուեալներով: Այս մասին ասուլիսի ժամանակ յայտնեց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը:

«Ելեկտրոնային կայքի ստեղծումը կարեւորագոյն խնդիրներից է, որի գլխաւոր նպատակն է իմի բերել Ցեղասպանութիւնը վերապրածների եւ Ցեղասպանութեան զոհերի անունները` կենսագրական տուեալներով», ըսաւ Մարութեանը:

Անոր խօսքով` նախաձեռնութիւնը կ’իրականացուի պետական աջակցութեամբ: Համապատասխան գրաւոր երաշխիքները թանգարանի ղեկավարութիւնը ստացած է ինչպէս Արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն, այնպէս ալ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթո»ւթեան նախարարութենէն: Թանգարան-հիմնարկը դիմած է Գիտութեան Պետական Կոմիտէ` հետագայ քայլերուն համար: Մարութեան նշեց, որ այս գործընթացը կրնայ 10-15 տարի տեւել:

Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին նաեւ աւագ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսանողներուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան դասընթացքի ներդրման ուղղութեամբ: Անցեալ տարի այս թեմայով կայացած է «Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն» գիտաժողովը, որմէ յետոյ ՀՑԹՀ-ի ղեկավարութիւնը դիմած է  ԿԳՄՄ նախարարութիւն: Ստեղծուած է 18 հոգիէ բաղկացած յանձնաժողով, որ զբաղած է ծրագրի մշակմամբ, որմէ յետոյ այն կրկին ուղարկուած է ԿԳՄՄ նախարարութիւն:

«Գիտաժողովի եւ հանդիպումների ընթացքում շատ քննարկւում էր, որ  Հայոց Ցեղասպանութեան թեման պէտք է դասաւանդել, բայց ամբողջ հարցն այն է, թէ ինչպե՞ս եւ  ի՞նչ պէտք է դասաւանդուի: Կայ համաշխարհային փորձ, որը պէտք է պարզապէս տեղայնացնել եւ կիրառել: Գործընթացը ամէն դէպքում սկսուած է եւ իր հունով յառաջ է գնում», պարզաբանեց Մարութեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment