Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւ Կ’ըլլար Որ Եկեղեցին Քաղաքական Թեմաներէն Չխօսէր. Իշխանական Պատգամաւոր

Լաւ Կ’ըլլար Որ Եկեղեցին Քաղաքական Թեմաներէն Չխօսէր. Իշխանական Պատգամաւոր

by MassisPost

«Լաւ կը լինէր` եկեղեցին քաղաքական թեմաներից չխօսէր». Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին`  շարք մը լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցէն յետոյ իշխանական պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը նիստի վերջաւորութեան որոշեց խօսիլ եկեղեցւոյ եւ պետութեան դերերուն մասին: Երկար նախաբանին մէջ Կարապետեանը ակնարկեց, որ եկեղեցին չ’ուզեր համակերպուիլ պետական իշխանութեան մարմիններու գերակայութեան հետ:

«Գուցէ աւելի լաւ լուծում կը լինէր առհասարակ որեւէ քաղաքական թեմայից չխօսել եւ խօսել բացառապէս հոգեւոր թեմաներից», նշեց Կարապետեան:

Իշխանական պատգամաւորին վրդովեցուցած էր Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ կաթողիկոսին ուղերձը, որ Կարապետեանի գնահատմամբ` քաղաքական էր:

Գարեգին Բ. իր խօսքին մէջ ընդգծած էր, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի իրադարձութենէն յետոյ այսօր «ականատես ենք ցաւալի այլ իրավիճակի, թէ ինչպէս են թշնամանքի, ատելութեան դրսեւորումները բաժանարար պատնէշներ դնում աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի կեանքում, խարխլում ազգային միաբանութիւնը»:

Իշխանական պատգամաւորին հռետորական հարցն էր կաթողիկոսին` ինչո՞ւ փտածութիւնն ու կեղծուած ընտրութիւնները նման բնագրերու առիթ չէին դառնար նախապէս: Շտապեց պատասխանել` ազգային միաբանութեան հասնելու միակ ձեւը ազատ եւ արդար ընտրութիւններն են: Մարիա Կարապետեանին կը հետաքրքրէր նաեւ, թէ ի՞նչ նկատի ունէր կաթողիկոսը, երբ կը խօսէր ժողովուրդին հոգեւոր անվտանգութեան մասին:

«Ուզում եմ հասկանալ` ի՞նչ է տեղի ունեցել մեր ժողովրդի ազգային հոգեւոր անվտանգութեան հետ, վերջին տարիներին պաս ենք սկսել քիչ պահե՞լ նախկինի համեմատ, աւելի քի՞չ ենք աղօթում, կամ անտեսւո՞ւմ են դարերով նուիրագործուած աւանդոյթները: Եթէ կրկին խտացնեմ եւ արագացնեմ միտքը` մի՞թէ թուրքին ատելու մէջ է ամփոփուած դարերով նուիրագործուած մեր աւանդոյթը», ըսաւ պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment