Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պատրաստ Է ՀԱՊԿ Առաքելութեան Տեղակայման. Փաշինեան

Հայաստան Պատրաստ Է ՀԱՊԿ Առաքելութեան Տեղակայման. Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի հետ սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման պատրաստ է ոչ միայն Ռուսաստանը, այլ նաեւ՝ Հայաստանը: Այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին:

«Ոչ միայն Ռուսաստանն է պատրաստ, Հայաստանը նոյնպէս պատրաստ է: Մենք մեր մտահոգութիւնների շրջանակը գծել ենք, եւ, ըստ էութեան, մեր մղումն այն է, որ հնարաւոր առաքելութիւնը լինի արդիւնաւէտ: Սա կարեւոր է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ ՀԱՊԿ-ի, ե՛ւ տարածաշրջանի համար: Եւ մենք այդ ուղղութեամբ շարունակում ենք աշխատել», ըսաւ վարչապետը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ԵՄ դիտորդներու աշխատանքին` վարչապետը յորդորեց ՀԱՊԿ եւ ԵՄ առաքելութիւնները միմեանցէն տարբերել:

«ՀԱՊԿ-ն ունի անվտանգային պարտաւորութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, Հայաստանն էլ ունի պարտաւորութիւններ, որը, մասնաւորապէս, 2022 թուականին եւ որպէս նախագահող, եւ որպէս մասնակից երկիր, լիարժէք կատարել է: ԵՄ առաքելութիւնը ՀԱՊԿ առաքելութեան հետ չի կարելի մի հարթութեան մէջ դնել: Հետեւաբար, մեր ակնկալիքները ՀԱՊԿ առաքելութիւնից պէտք է շատ աւելի բարձր լինեն, քան ԵՄ առաքելութիւնից», ըսաւ Փաշինեան:

Ան նշեց, որ ԵՄ առաքելութիւնը երկարաժամկէտ է, 2 տարի է, ինչ տեղակայուած է, դեռ ամբողջութեամբ ալ չէ տեղակայուած, այդ գործընթացի մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment