Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պէտք Է Դադրի Որեւէ Տեսակի Օգնութիւն Ատրպէյճանին. Ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտես

Պէտք Է Դադրի Որեւէ Տեսակի Օգնութիւն Ատրպէյճանին. Ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտես

by MassisPost

Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան տրամադրումը ոչ միայն կը վնասէ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան շահերուն, այլեւ դէմ է մեր պարտաւորութեան` յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը եւ ողջ մնացածները, ինչպէս նաեւ մեր պարտաւորութեան` համոզուելու, որ պատմութիւնը չկրկնուի: ԱՄՆ գոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ այս մասին ըսաւ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսը:

«Մենք կը յիշենք 1,5 միլիոն զոհերը ոչ միայն այն բանին համար, թէ ինչպէս անոնք մահացած են: Մենք նաեւ կը յիշենք, թէ ինչպէս անոնք ապրած են: Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ անոնց ունեցած աւանդը կ’ապրի մինչ օրս», ըսաւ Մենենտես` յիշեցնելով, որ իր կնոջ մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն մէկն է:

Միեւնոյն ժամանակ ծերակուտականը շեշտեց, որ դեռ շատ ընելիք կայ ոչ միայն այն պատճառով, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ փորձել թաքցնել ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` հետապնդելով գրողներն ու պատմաբանները, այլեւ որովհետեւ Ատրպէյճանը անօրինական շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի հայերը: Մենենտես շեշտեց, որ 2020 թուականին Պաքուի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով մօտ 100 հազար հայ տեղահանուած է Լեռնային Ղարաբաղէն:

«Ըստ իս` Միացեալ Նահանգներու արձագանգը անընդունելի է, այդ պատճառով ես կը պնդեմ աւելի շատ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել` աջակցելու ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տուժածներուն», ըսաւ Մենենտես` նշելով, որ հաւաստիացում ստացած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընէն, որ քայլեր պիտի ձեռնարկուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող հայերուն աւելի շատ օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ:

Մենտենդեսը նաեւ անթոյլատրելի անուանեց Ուաշինկթընի կողմէ ռազմական եւ այլ աջակցութիւնը Պաքուի վարչակարգին` հաշուի առնելով ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ հայ անզէն զինուորներու խոշտանգումները:

«Ես խստօրէն դէմ եմ, որ որեւէ տեսակի օգնութիւն տրամադրուի ռազմական ուժի մը, որ յայտնի է հարեւան պետութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններով եւ յարձակումով: Մենք պէտք չէ «անկողին մտնենք» Ատրպէյճանի նման կառավարութիւններու հետ: Այդ աններելի է, այդ բարոյապէս խորշելի է եւ այդ պէտք է դադրի», շեշտեց Մենենտեսը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment