Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արարատ Միրզոյեանը Եւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Փոխտեղակալը Միտքեր Փոխանակած Են ՀՀ-ԱՄՆ Երկկողմ Օրակարգի, Այդ Շարքին` Ռազմավարական Երկխօսութեան Առնչուող Հարցերու Շուրջ

Արարատ Միրզոյեանը Եւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Փոխտեղակալը Միտքեր Փոխանակած Են ՀՀ-ԱՄՆ Երկկողմ Օրակարգի, Այդ Շարքին` Ռազմավարական Երկխօսութեան Առնչուող Հարցերու Շուրջ

by MassisPost

Ապրիլ 18-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Էրիքա Օլսոնին:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ Լուի Պոնօն:

Քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին շուրջ հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին մօտեցումները, այդ շարքին` համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման վերաբերեալ: Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է խաղաղութեան գործընթացին ՀՀ յանձնառութիւնը` ընդգծելով Ատրպէյճանի կողմէ առաւելապաշտական նկրտումներէն, ԼՂ ժողովուրդին ու ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարձակողական քաղաքականութենէն ու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն հրաժարելու կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացման հրամայականին:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ օրակարգի, այդ շարքին` ռազմավարական երկխօսութեան առնչուող հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment