Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուսնալուծութեան Ամենաբարձր Ցուցանիշը Արձանագրուած Է Երեւանի Մէջ

Ամուսնալուծութեան Ամենաբարձր Ցուցանիշը Արձանագրուած Է Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ամուսնալուծութեան ցուցանիշերը մտահոգիչ են: Այդ ծիրին մէջ աւելի սուր է խնդիրը Երեւանի մէջ: 2022 թուականի տուեալներով, ամուսնալուծութիւններու ցուցանիշով առաջատարը մայրաքաղաքն է:

«Մի կողմից Հայաստանում զոյգերը բաւական ուշ են ամուսնանում, բայց միւս կողմից մենք ունենք ամուսնալուծութիւնների շատ լուրջ խնդիր: Երեւանում 2022 թուականի տուեալներով իւրաքանչիւր 2.5 ամուսնութեանը բաժին է ընկնում 1 ամուսնալուծութիւն: Դա սոսկալի ցուցանիշ է: Սա նշանակում է, որ այն օղակը, որտեղ պէտք է ձեւաւորուի ընտանիքը, ծնուեն երեխաներ, արդէն խնդիր ունի», այս մասին նշեց ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու համակարգող Մհեր Մանուկեանը` անդրադառնալով ժողովրդագրական մարտահրաւէրներուն:

Երեւանին կը յաջորդէ Լոռին, ուր 3 ամուսնութեան բաժին կ’իյնայ 1 ամուսնալուծութիւն: Հայաստանի մէջ ամուսնալուծութեան ցուցանիշով ամենաբարւօքը Գեղարքունիքի մարզն է: Այստեղ 7 ամուսնութեան բաժին կ’իյնայ 1 ամուսնալուծութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment