Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախնական Արդիւնքներով` Անի Եւ Սիսիան Համայնքներու Ընտրութիւններուն Յաղթած Է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը

Նախնական Արդիւնքներով` Անի Եւ Սիսիան Համայնքներու Ընտրութիւններուն Յաղթած Է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը

by MassisPost

Թիւ 33 եւ 34 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովները ամփոփած են Կիրակի օր Շիրակի մարզի Անի եւ Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի մամուլի քարտուղար Սեդա Ղուկասեանի փոխանցմամբ` 61 ընտրատեղամասերէն ստացուած պատկերը հետեւեալն է․

Անի համայնքի ընտրութիւններուն յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը` ստացած 5 հազար 180 քուէով, երկրորդը «Ազգ-համայնք» կուսակցութիւններու դաշինքն է` 3 հազար 134 քուէ, «Հայկական Երազանք» կուսակցութիւնը ստացած է 795, «Իմ Հզօր Համայնք» կուսակցութիւնը` 744 քուէ:

Սիսիան համայնքի ընտրութիւններուն եւս առաջատարը իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ն է` 7 հազար 325 քուէ, երկրորդ տեղն է Հանրապետական Կուսակցութիւնը` 2 հազար 553 քուէ, երրորդը` «Քաղաքացու Որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը` 1443 քուէ:

Սիսիան համայնքին մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընտրողներուն 49.63 տոկոսը կամ 22 հազար 880 քաղաքացիներէն 11 հազար 356-ը: Անի համայնքին մէջ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 62.01 տոկոսը կամ 15 հազար 918 անձերէն 9 հազար 870-ը: Երկու համայնքներուն մէջ քուէարկութեան մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընտրողներուն 54.71 տոկոսը կամ 21 հազար 226 անձ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment