Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Անահիտ Բախշեանի Պնդմամբ` Հոկտեմբեր 27-ի Յանցագործներու Ներման Մասին Խօսք Պէտք Չէ Ըլլայ

Անահիտ Բախշեանի Պնդմամբ` Հոկտեմբեր 27-ի Յանցագործներու Ներման Մասին Խօսք Պէտք Չէ Ըլլայ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան պարագլուխ Նաիրի Յունանեանի եղբայր, ցմահ ազատազրկուած Կարէն Յունանեանը դիմած է կառավարութիւն` խնդրելով իրեն ներում շնորհել եւ ազատ արձակել: Թէ երբ խնդրագիրը ներկայացուած է կառավարութեան, եւ ինչ հիմնաւորումներ նշած է 1999-ին Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ մասի սպանդին մասնակցած Յունանեանը, Արդարադատութեան Նախարարութիւնը չէ պարզաբանած:

«Իմ Եուրային սպաննողը ինքն է եղել: Իրենք տեղով վտանգ են, ի՞նչ ազատութեան մասին է խօսքը, ո՞ւր դուրս գան, ո՞նց կարող այ այդպիսի բան լինի», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ 1999-ին խորհրդարանին մէջ սպաննուած ԱԺ փոխնախագահ Եուրի Բախշեանի այրին, որ անցեալ շաբաթ իր մտահոգութիւնը փոխանցած է արդարադատութեան փոխնախարար Լեւոն Պալեանին: Նախարարութիւնը բովանդակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն չէ տուած, իսկ Անահիտ Բախշեանի խօսքով` փոխնախարարը յորդորած է չանհանգստանալ. «Ինքը ինձ հաւաստիացրել է, որ չանհանգստանամ եւ յորդորեց, ասաց` մի անհանգստացէք, ասացի` բայց ես շատ անհանգիստ եմ ու այդ անհանգստութիւնս փոխանցում եմ նախարարին: Յորդորից հասկացել եմ` բացառում են նման բան»:

Եուրի Բախշեանի այրին կը պնդէ, որ նման ծանր յանցագործութիւններով դատապարտուածները պէտք չէ ներում ստանան, պետութիւնը գլխատած յանցագործներուն կառավարութիւնը ոչ միայն պէտք չէ ներէ, այլ այս հարցը պէտք չէ քննարկէ:

«Վերջում եմ ես, վերջում: Առաջինն իմ պետութիւնն է գլխատուել, սա ես որպէս տուժող չեմ ասում, ասում եմ որպէս ՀՀ քաղաքացի` պետութիւնը գլխատել են յանցագործները, եւ ներման մասին խօսք ուղղակի պէտք չէ լինի», ըսաւ ան:

2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ իրաւապահները կը քննեն Հոկտեմբեր 27-ի քրէական գործէն անջատուած մասը` փորձելով պարզել այդ ողղբէգութեան կազմակերպիչներն ու դրդիչները, սակայն երեքուկէս տարուան ընթացքին որեւէ յառաջընթաց չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment