Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 2 Ամսուան Մէջ Աճած Է 10.9 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 2 Ամսուան Մէջ Աճած Է 10.9 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուան առաջին երկու ամսուան մէջ` Յունուար-Փետրուարին 10.9 տոկոսով աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը Յունուար-Փետրուարին 2022-ի Յունուար-Փետրուարին համեմատ աւելցած է 1 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը այս տարի 2 ամսուան մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 13.2 տոկոսով: Իսկ առեւտուրի շրջանառութեան մէջ այս տարուան Յունուար-Փետրուարին 2022-ի նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ յաւելումը կազմած է 18 տոկոս:

2023-ի առաջին 2 ամիսներուն Հայաստանի մէջ մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 23.5 տոկոսով:

Իսկ այս տարուան Յունուար-Փետրուարի ընթացքին սպառողական գիներու ցուցակը 2022-ի Յունուար-Փետրուարին համեմատ աճած է 8.1 տոկոսով: Արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակն ալ նոյն ժամանակահատուածին աճած է 0.8 տոկոսով:

Իսկ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալներուն մէջ Յունուար-Փետրուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ նկատուած է նուազում` 0.2 տոկոսով:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին առեւտրաշրջանառութեան, այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն արտաքին առեւտշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրուած է 77.7 տոկոս աճ, ընդ որում արտահանումը աճած է 96.4 տոկոսով, իսկ ներմուծումը` 67.4:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն կազմած է 394.67 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment