Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Շարունակած Է Էական Հարցերու Շուրջ Իր Ապակառուցողական Կեցուածքը. Միրզոյեան

Ատրպէյճանը Շարունակած Է Էական Հարցերու Շուրջ Իր Ապակառուցողական Կեցուածքը. Միրզոյեան

by MassisPost

Մարտ 24-ին, Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովը արտահերթ նիստ գումարած է, որուն օրակարգին մէջ էր ՀՀ կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագրի 2022 թուականի կատարման ընթացքի ու արդիւնքներու մասին զեկոյցը: Զեկուցողներն էին արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը:

Ներկայացնելով 2022 թուականին ԱԳՆ-ի կատարած աշխատանքները, տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները` արտաքին գործերու նախարարը նշեց. «Ցաւալիօրէն, Ատրպէյճանը շարունակել է էական հարցերի շուրջ իր ապակառուցողական կեցուածքը, յարձակողական հռետորաբանութիւնը եւ առաւելապաշտական գործողութիւնները` չնայած Հայաստանի կողմից գործադրուող կառուցողական ջանքերին»:

Անոր խօսքով` սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ Ատրպէյճանը բռնագրաւած է է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն շուրջ 150 քառ. քմ տարածք, ապօրինաբար փակած է Լաչինի միջանցքը:

Անդրադառնալով առաքելութիւններու թեմային` Արարատ Միրզոյեանը նշեց, որ Հայաստանը այժմ ալ գործուն ջանքեր կը գործադրէ Լաչինի միջանցք եւ ԼՂ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւններ գործուղելու ուղղութեամբ:

Աւարտելով իր ծաւալուն զեկոյցը` Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «2022թ. ընթացքում ԱԳՆ-ն շարունակել է աշխատանքներ իրականացնել երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներում կառավարութեան 2021-2026թթ. ծրագրով նախանշուած ուղենիշներն իրագործելու նպատակով»:

Ան յաւելեց, որ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն եղած են նաեւ իրաւական գործընթացները:

«Ես էլի եմ լսել այդպիսի սահմանումներ այն մասին, որ Ռուսաստանը առաջարկում է Ղարաբաղի հարցը թողնել ապագային, Արեւմուտքն առաջարկում է Ղարաբաղի հարցը լուծել հէնց հիմա: Այս սահմանումը ճշգրիտ չէ առնուազն Արեւմուտքի մասով: Ռուսական տարբերակը, որն ինչ-որ պահ քննարկուել է եւ մերժուել է Ատրպէյճանի կողմից, ենթադրում է ԼՂ կարգավիճակի պարզաբանում հետագայում: Բանակցային այս գործընթացը, որում մենք ներգրաւուած ենք, ենթադրում է ԼՂ իրաւունքների եւ անվտանգութեան հասցէագրման համար միջազգային մեխանիզմի ստեղծում` Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ երկխօսութեան պայմաններում», ի պատասխան «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ակնեսա Խամոյեանի հարցումին ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Արարատ Միրզոյեան կրկնեց, որ Հայաստանը պատրաստ է ճանապարհներու ապաշրջափակման, սակայն այդ բոլոր ճանապարհները պէտք է մնան ՀՀ ինքնիշխանութեան ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment