Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Իրադրութիւնը Կը Զարգացնէ Դէպի Նոր Մագլցում. Փաշինեանը` Հայ Զինուորի Սպանութեան Եւ Թալիշի Մէջ Ալիեւի Ելոյթին Մասին

Ատրպէյճանը Իրադրութիւնը Կը Զարգացնէ Դէպի Նոր Մագլցում. Փաշինեանը` Հայ Զինուորի Սպանութեան Եւ Թալիշի Մէջ Ալիեւի Ելոյթին Մասին

by MassisPost

«Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման 100-րդ օրը Ատրպէյճանը նշանաւորեց ԼՂ-ի մէջ բնական կազի մատակարարման 13-րդ անջատումով», կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ յաւելեց, որ անոր յաջորդած՝ Թալիշ գիւղին մէջ Ատրպէյճանի ղեկավարին ելոյթը այլ կերպ, քան յարձակոծական, դժուար է որակել. «Թալիշ գիւղում տեղի ունեցածը Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտման քաղաքականութեան հիմնաւոր ապացոյց է. այդ գիւղում հայերի տներն են քանդում եւ ատրպէյճանցիների համար տներ կառուցում»:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանը ցոյց կու տայ ԼՂ հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման կամ «համարկման» իր ձեւաչափը:

Ինչպէս ընդգծեց վարչապետը, Մարտ 18-ն պէտք է նշանաւորէր Թալիշ գիւղ հայ բնակչութեան վերադարձով եւ ոչ թէ անոնց տուները քանդելու վանտալային արարքով:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ալիեւի Մարտ 18-ի  ելոյթին եւ ըսաւ. «Սա այլ կերպ, քան յարձակման արարք ՀՀ նկատմամբ եւ բարձրագոյն պայմանաւորուածութիւնների կոպիտ ոտնահարում, դժուար է որակել»:

«Ատրպէյճանական կողմը նպատակային, դիպուկահար կրակոցով սպաննել է ՀՀ ԶՈՒ-ի զինծառայող Արշակ Սերեոժայի Սարգսեանին:

Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն եմ հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը իրադրութիւնը զարգացնում է դէպի նոր մագլցում», ըսաւ վարչապետը եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ժամկէտային զինուորի մահուան առիթով:

«Ատրպէյճանը հիմա էլ նոր մեղադրանք է մոգոնել ընդդէմ ՀՀի, թէ Հայաստանը միազգանի երկիր է, եւ ՀՀ-ում ազգային փոքրամասնութիւններ չկան: Նման ձեւակերպումը նախ ՀՀ ներքին գործերին կոպիտ միջամտութիւն է»,  յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նշեց, որ ազգային փոքրամասնութիւններ ոչ միայն կան Հայաստանի մէջ, այլեւ անոնց ներկայացուցիչները մանտաթներ ունին ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ:

Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ հետապնդումները կը կրեն համակարգային բնոյթ:

«Խաղաղութեան պայմանագիր լինելու է եւ լինելու է մինչ օրս բարձրագոյն մակարդակներում ձեռք բերուած գրաւոր փաստաթղթերի հիման վրայ: ՀՀ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը պէտք է զբաղուեն ամէնօրեայ ստեղծարար աշխատանքով: Եւ մենք պէտք չէ շեղուենք Հայաստանի զարգացման, հզօրացման եւ մեր ժողովրդավարութիւնն ամրապնդելու ճանապարհից», ամփոփեց ՀՀ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment