Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քերոբեան Ներկայացուցած Է Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ Վերջին Շրջանին Արձանագրուող Բարձր Ցուցանիշերը

Քերոբեան Ներկայացուցած Է Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ Վերջին Շրջանին Արձանագրուող Բարձր Ցուցանիշերը

by MassisPost

Ամերիկայի Առեւտուրի Պալատը Հայաստանի մէջ (ԱԱՊՀ) Մարտ 23-ին կայացուցած է իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

Ժողովի ընթացքին ներկայացուած են ԱԱՊՀ նախորդ երկու տարիներու գործունէութեան արդիւնքները, առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրները:

Վահան Քերոբեանը իր խօսքին մէջ ընդգծած է ԱԱՊՀ-ի ու մասնակից ընկերութիւններու առաքելութեան կարեւորութիւնը, որոնք իրենց աշխատանքով նոր չափանիշեր կը հաղորդեն Հայաստանի առեւտրային մշակոյթին:

Նախարարը նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտին մէջ վերջին շրջանին արձանագրուող տնտեսական բարձր ցուցանիշերը եւ նշած է, որ 2022 թուականին տնտեսութեան բարձր` 12,6% աճի ապահովման մեծապէս նպաստած են կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները, այդ շարքին` տնտեսութեան արդիականացման միջոցառումը:

Աւելի կարեւոր նոր նախաձեռնութիւններու շարքին նախարարը մատնանշած է  կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուած ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան համակարգի զարգացման ռազմավարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment