Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանն Ու Պաքուն Կրնան Շուտով Պայմանաւորուիլ Խաղաղութեան Շուրջ. Պլինքըն

Երեւանն Ու Պաքուն Կրնան Շուտով Պայմանաւորուիլ Խաղաղութեան Շուրջ. Պլինքըն

by MassisPost

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան հասնիլ խաղաղութեան պայմանաւորուածութիւններու: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը` ելոյթ ունենալով ԱՄՆ Գոնկրէսի Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Հարցերով Կոմիտէի լսումներուն ժամանակ:

Այսպիսով Պլինքըն մեկնաբանած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանը նպաստելու Ուաշինկթընի փորձերը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարին խօսքով` ինք աշխուժօրէն կը զբաղի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հարցով` նպաստելով, որ Պաքուն եւ Երեւանը «դուրս գան խաղաղութեան համաձայնութեան, որ պիտի կարգաւորէ յարաբերութիւնները» Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Այս ծիրին մէջ Պլինքըն ընդգծած է, որ բնագիրը կը վերաբերի «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներոուն եւ պաշտպանութեան», ինչպէս նաեւ «սահմանազատման եւ այլ խնդիրներու»:

«Մենք այդ չենք պարտադրեր Հայաստանին: Մենք կ’արձագանգենք Հայաստանի արտայայտած մեծ ցանկութեան, որ կը փափաքէր տեսնել, թէ արդեօք մենք կրնա՞նք օգնել անոնց հասնելու այնպիսի համաձայնութեան, որ յամենայնդէպս շատ առումներով վերջ պիտի դնէ աւելի քան 30 տարուան տեւողութեամբ հակամարտութեան», յայտնած է Պլինքըն:

Միաժամանակ ան յիշեցուցած է «Լաչինի միջանցքին իրական խնդիրները»: Պլինքըն նշած է, որ այդ հարցով ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, «ընդ որում` այս շաբաթ»:

Ներկայացնելով վերջին եռակողմ հանդիպումներուն ժամանակագրութիւնը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի (Միւնիխ), ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի (Ուաշինկթըն) մասնակցութեամբ` Պլինքըն ընդգծած է, որ կողմերը կ’աշխատէին պայմանաւորուածութիւններու բնագրին վրայ:

«Կ’ակնկալեմ, որ անոնք կը վերադառնան: <…> Առանց չափազանցութեան, կը կարծեմ, թէ այժմ բարենպաստ պահ է, ինչ որ խորապէս կը համապատասխանէ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի շահերուն», ըսած է Պլինքըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment