Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահ. Ատրպէյճանը Սպառնացած Է Դիմել Կտրուկ Քայլերու

Արցախի Նախագահ. Ատրպէյճանը Սպառնացած Է Դիմել Կտրուկ Քայլերու

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ատրպէյճանական կողմին հետ Մարտ 1-ին կայացած հանդիպումէն: Ըստ անոր` քանի որ արցախեան կողմը չէ ընդունած համարկման երթալու առաջարկը, Պաքուի ներկայացուցիչը փոխանցած է, որ պիտի ըլլան աւելի կոշտ եւ կտրուկ քայլեր:

Այդ հանդիպման արցախեան կողմը կը գլխաւորէր Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը:

«Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը փորձել է քննարկել քաղաքական թեմաներ` օգտագործելով համարկում բառը, սակայն պարոն Շահրամանեանը կանխել է` ասելով, որ եթէ պէտք է քննարկեն քաղաքական հարցեր, դա պէտք է լինի Ատրպէյճանի կողմից Արցախի անկախութեան ճանաչման թեման: Նա յաւելել է, որ քաղաքական հարցերի քննարկման համար իրենք լիազօրուած չեն», Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին պատմած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Արցախի ղեկավարին խօսքով` անկէ յետոյ ատրպէյճանական կողմը իր խողովակներով Ստեփանակերտի առջեւ վերջնագիր դրած է` «կամ կ’ընդունիք համարկման քաղաքականութիւնը, կամ առկայ խնդիրներուն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ, հակառակը` պիտի ըլլան աւելի կոշտ եւ կտրուկ քայլեր»:

«Մենք չենք ընդունած, չենք ընդունիր», յայտնած է Յարութիւնեան՝ պնդելով, որ այդ միայն Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումը չէ: «Մեր ժողովրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնն ընդունում է, որ մենք մեր անկախութեան իրաւունքից, ինքնորոշման իրաւունքից չենք շեղուելու: Իսկ դա նշանակում է, որ յառաջիկայում ունենալու ենք տարբեր զարգացումներ, իրավիճակներ, որոնց պէտք է դիմակայենք», զգուշացուցած է Արցախի նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեանը նաեւ ըսած է, որ եթէ կարծիքներ կան, թէ պէտք է ընդունիլ Ատրպէյճանի առաջարկը, ապա այդ մարդիկ կրնան իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու ծիրին մէջ բարձրաձայնել այդ տեսակէտը. «Փորձեն ձեւաւորել այդ տրամադրութիւնները, երկրին մէջ ձեւաւորեն նոր իշխանութիւն»:

Ստեփանակերտը հաղորդած էր, որ ատրպէյճանական խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ` մայրաքաղաքէն քիչ հեռու, թիրախաւորած եւ կրակ բացած է Ոստիկանութեան Անձնագրային եւ Վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի ինքնաշարժին վրայ: Զոհուած էր Արցախի ոստիկանութեան երեք ծառայող:

«Նման սադրանքները կրկնուելու են», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան` յորդորելով պատրաստուիլ երկարատեւ պայքարի. «Մենք երկար ժամանակ պէտք է պայքարենք, այդ պայքարի շրջանակներում լինելու են նման իրավիճակներ, պէտք է դա գիտակցենք եւ կանխարգելիչ քայլեր ձեռնարկենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment