Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զախարովան Անպատշաճութիւն Անուանած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Իրավիճակին Միջամտելու Արեւմուտքի Փորձերը

Զախարովան Անպատշաճութիւն Անուանած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Իրավիճակին Միջամտելու Արեւմուտքի Փորձերը

by MassisPost

ՌԴ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յոյս յայտնած է, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման պարագային կ’իրականացուին Ռուսիոյ հետ համատեղ մշակուած խաղաղ նախաձեռնութիւնները:

«Այս տարածաշրջանը կարելի է բառին բուն իմաստով հանգուցային անուանել, եւս մէկ տարածաշրջան, ուր, այնուամենայնիւ, յոյս կայ, որ կ’իրականացուին այն խաղաղ նախաձեռնութիւնները, որոնք մշակուած են կողմերուն կողմէ (Հայաստանն ու Ատրպէյճանը — Խմբ.)` Ռուսիոյ հետ համատեղ», ըսած է ան «Սփութնիք» ռատիոյի եթերով:

Զախարովան անպատշաճութիւն անուանած է Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակին միջամտելու` Արեւմուտքի փորձերը: Անոր կարծիքով, նման քաղաքականութիւն կը տարուի ոչ թէ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար, այլ «ճիշդ հակառակ նպատակներով»:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ արեւմտեան գործընկերներու մասնակցութեամբ հակամարտութիւններու կարգաւորման յաջողած օրինակներ չկան, ընդ որում հաւաքական Արեւմուտքի նախաձեռնութեամբ հակամարտութիւններու թիւը կ’աւելնայ:

«Ոչ ոք կրնայ նշել տեղ մը, ուր յայտնուած է հաւաքական Արեւմուտքի ոտքը, ձեռքը կամ միտքը, եւ այն աւելի լաւ դարձած է», ըսած է Զախարովան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment