Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանը Ներկայացուցած Է Արցախի Նորանշանակ Պետական Նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը

Արայիկ Յարութիւնեանը Ներկայացուցած Է Արցախի Նորանշանակ Պետական Նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է կառավարութեան նիստ:

Արցախի ղեկավարը նիստի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Արցախի նորանշանակ պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ պետական նախարարը պիտի ունենայ լիազօրութիւններու լայն շրջանակ, անոր համակարգման տակ պիտի գործեն բոլոր նախարարութիւնները` բացառութեամբ արտաքին, պաշտպանութեան ու ներքին գործերու նախարարութիւններուն, իր համակարգման ոլորտներուն մէջ պիտի ունենայ քատրային քաղաքականութիւնը մշակելու եւ վարելու ազատութիւն:

Գուրգէն Ներսիսեանին պիտի փոխանցուի նաեւ Արցախի ներդրումային եւ Գիւղի ու գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդներու նախագահութիւնը:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին` երկրին ղեկավարը նշած է, որ, չնայած վերջին 80 օրերու ընթացքին Արցախի ժողովուրդը ամէն օր կը կրէ ընկերային, տնտեսական հսկայական վնասներ, կ’ունենայ հոգեբանական ծանր ապրումներ, ան ամէն օր կը ցուցաբերէ զանոնք անխոնջ յաղթահարելու մեծ կամք ու վճռականութիւն:

«Մէկ անգամ եւս ցանկանում եմ ընդգծել, որ անկախ դժուարութիւններից եւ մեր նկատմամբ կիրառուող տարբեր ճնշումներից` մենք հաւատարիմ ենք մնալու Արցախեան շարժման գաղափարներին եւ անկախութեան ճանապարհից յետնահանջի ոչ մի քայլ չի լինելու: Ամենայն պատասխանատուութեամբ ուզում եմ յայտարարել, որ բացառուած է Ատրպէյճանի հետ համարկման որեւէ գործընթաց:

Սակայն դա չի նշանակում, որ մենք խուսափելու ենք շփումներից` ենթակառուցուածքային եւ մարդասիրական բնոյթի խնդիրներ լուծելու համար: Իսկ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնների համար, ինչպէս յայտարարել եմ Փետրուարի 23-ի իմ ուղերձում, անհրաժեշտ է ապահովել որոշակի պայմաններ ու միջազգային ձեւաչափ», ըսած է նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեանը նշել է նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր միջոցները ընկերատնտեսական բեռի թեթեւացման եւ ուս-ուսի առկայ մարտահրաւէրները միասին յաղթահարելու համար: Այս առնչութեամբ նախագահը յանձնարարած է նոր պետական նախարարին յառաջիկայ օրերուն մշակել եւ ներկայացնել ընկերային նոր ծրագիրներու փաթեթ` ուղղուած կենցաղային վճարներու, ընթացիկ այլ ծախսերու, ինչպէս նաեւ հարկային եւ վարկային բեռի զգալի թեթեւացման:

Անոր զուգահեռ երկրին ղեկավարը յանձնարարած է հետեւողական ու արագ կերպով ջանքեր գործադրել տնտեսութեան ինքնաբաւութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ` առաջնահերթ ուշադրութիւնը դարձնելով պարէնի արտադրութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment