Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լահէյի Դատարանը Կրնայ Իր Որոշումներու Կատարման Հետեւելու Համար 3 Դատաւորէ Կազմուած Կոմիտէ Ստեղծել․ Եղիշէ Կիրակոսեան

Լահէյի Դատարանը Կրնայ Իր Որոշումներու Կատարման Հետեւելու Համար 3 Դատաւորէ Կազմուած Կոմիտէ Ստեղծել․ Եղիշէ Կիրակոսեան

by MassisPost

Հիմա կը ստացուի, որ բացի 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն, եւս մէկ իրաւական պարտադիր փաստաթուղթ կայ, որ կը ձեւակերպէ Լաչինի միջանցքով անխափան անցնելու  հանգամանքը կամ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնը այդ ապահովելու: Այս մասին մամուլի ասուլիսին ժամանակ նշեց Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը` անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ որոշումներուն:

Նշենք, որ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը օրեր առաջ որոշեց ժամանակաւոր միջոց կիրառել` պարտաւորեցնելով Ատրպէյճանին ապահովել անխոչընդոտ անցումը մարդոց, բեռներու, փոխադրութեան միջոցներու Լաչինի միջանցքով:

Եղիշէ Կիրակոսեանը ըսաւ, որ այս որոշումը ունի նաեւ քաղաքական հետեւանքներ եւ հիմա ալ անոնք արդէն կան. «Մի գուցէ շատ տեսանելի չեն: Առնուազն գնահատականի տեսքով հետեւանք լինում է: Եթէ մենք ունենում ենք տարբեր երկրներ, միջազգային կառոյցներ, որոնք սկսում են այս հարցի  մասին խօսել, գնահատական տալ, օրինակ, Ատրպէյճանի կողմից որոշման չկատարմանը, դա արդէն էական հետեւանք կարելի է համարել: Այդ հետեւանքների կուտակման արդիւնքում էլ արդիւնք ենք ստանում: Երբ 10-15 պետութիւններ սկսում են նոյն բանը պնդել կամ միջազգային կազմակերպութիւնները կոչ անել, դա ձնագնդի ազդեցութեամբ կարող է հասնել ինչ-որ արդիւնքների: Ճանապարհը սա է:

Այս ժամանակաւոր միջոցը կիրառուած է «Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» մեծ գործի շրջանակներում, եւ մինչեւ հիմնական գործի քննութիւնը մենք այս ապացոյցները ներկայացնելու ենք դատարանին: Այսինքն մենք դատարանին ներկայացնելու ենք Ատրպէյճանի չկատարումները կամ Ատրպէյճանի կողմից դատարանի որոշումները խախտող քայլերը»:

Եղիշէ Կիրակոսեանը նաեւ տեղեկացուց, որ ըստ դատարանի կանոններուն, դատարանը ունի հնարաւորութիւն ստեղծելու երեք դատաւորէ կազմուած կոմիտէ, որուն նպատակն է հետեւիլ դատարանի որոշումներու կատարման ընթացքին: Հնարաւոր է նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն գայ, բայց այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տարուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment