Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Տասնամեայ գործունէութիւն

Տասնամեայ գործունէութիւն

Ամփոփ զեկոյց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի կողմէ

by MassisPost

Փետրուար 2023-ին ամբողջացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ղեկը ստանձնելուս տասը տարին։ Այս առիթը, առօրեայ աշխատանքիս կողքին, կարելիութիւնը ընձեռեց յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալին եւ մտածելու ապագային մասին:

2023 թուականը կը համընկնի բովանդակ Հիմնարկութեան նոր ռազմավարական ծրագիրի մեկնարկին: Մայիս 2022-ին, Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօն ստանձնեց Հիմնարկութեան նախագահութիւնը եւ իսկոյն ձեռնամուխ եղաւ ռազմավարական վերամշակման եւ ծրագրաւորման գործընթացին: Ամիսներ երկարած խորհրդակցութիւններէ եւ նախապատրաստութիւններէ ետք, որուն Հայկական Բաժանմունքը ամբողջութեամբ մասնակցեցաւ, Դեկտեմբերին Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կողմէ ընդունուեցաւ 2023-27 տարեշրջանի ռազմավարական ծրագիրը։ «Կայունութիւն» եւ «արդարակշռութիւն» ի յայտ եկան որպէս երկու հիմնական սկզբունքներ, առանցքը դառնալու Հիմնարկութեան գործունէութեան:

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համար անցումային տարի մըն է 2023-ը, քանի կ՛ամփոփէ նախորդ հնգամեայ ծրագիրը եւ կը ձեռնարկէ նորը: Մեր առաքելութեան վերամշակուած բնաբանն է՝ «Հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»: Նշեալ յայտարարութեան մէջ կայ թէ՛ շարունակականութիւն, թէ՛ փոփոխութիւն։ Կը շարունակենք կեդրոնացած մնալ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ, յատկապէս արեւմտահայերէնի վրայ, միաժամանակ ներմուծելով նոր տարրեր, որոնք ներկայիս անհրաժեշտ են հայութեան, ինչպէս՝ գիտական հետազօտութիւններ, ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ քաղաքականութիւններ մշակելու միտումով, եւ քննական մտածողութեան զարգացում՝ ազգային հարցերուն աւելի լաւ լուծումներ բերելու համար:

Բաժանմունքի գործունէութեան նոր հիմնասիւները կ’արտացոլեն հայկական աշխարհի երկուութիւնը՝ Հայաստան եւ Սփիւռք: Լիովին գնահատելով ազգի երկու հատուածներու միջեւ փոխկապակցութիւնը, մեր մօտեցումը այնուամենայնիւ կը մնայ սփիւռքակեդրոն: Սա հիմնուած է ո՛չ միայն ժողովրդագրական փաստերու վրայ, ըստ որոնց հայ ժողովուրդի երկու երրորդը կ’ապրի Հայաստանէն դուրս, այլեւ ցուցիչ է աւելի խորունկ փիլիսոփայական հեռանկարի մը. Սփիւռքը ազգին եւ հայ ինքնութեան անբաժան մասնիկն է, եւ ան պէտք է սնանի եւ զարգանայ, եւ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ անոր:

Նոր հնգամեայ ծրագիրը լուսարձակի տակ կ’առնէ երկու հիմնական խնդիրներ՝ ապահովել արեւմտահայերէնի եւ մշակոյթի կայունութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ ամրապնդել Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ քննական յանձնառութեան վրայ հիմնուած գիտական հետազօտութիւնները: Ի մասնաւորի, մեր գործունէութիւնը այսուհետեւ պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ չորս հիմնասիւներուն վրայ՝

  1. Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը՝ հովանաւորելով լեզուի իւրացումի եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներէն՝ մինչեւ լեզուն ամրապնդող թեքնաբանական նախաձեռնութիւններ:
  1. Մշակութային ստեղծագործական աջակցութիւն, ուր շեշտը կը դրուի թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արուեստներու փոխակերպող դերին վրայ հասարակութիւններու եւ անհատներու կեանքին մէջ:
  2. Հետազօտական աջակցութիւն եւ թարգմանութիւններ, որոնք կը խթանեն հասարակական/ընկերային գիտութիւններու ոլորտին մէջ քննական մտածողութիւնը եւ փաստացի հիմք կը հանդիսանան քաղաքականութեան մշակումի համար, յատկապէս Հայաստանի մէջ:
  3. Համալսարանական կրթաթոշակներ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայագիտութեան եւ ժամանակակից խնդիրներու, ինչպէս նաեւ զարգացող երկիրներու մէջ հայ ընթացաւարտ թեկնածուներու վրայ:

«Կայունութիւնը» եւ «արդարակշռութիւնը» առընչուած են մեր բոլոր չորս հիմնասիւներուն: Ի տարբերութիւն մեր նախորդ ռազմավարական ծրագիրին, 2023-27 տարեշրջանին մեր մօտեցումներուն մէջ պիտի չառաջնորդուինք աշխարհագրական բաժանումներով, այլ պիտի կեդրոնանանք համահայկական նիւթերու վրայ, անդրադառնալով աշխարհատարած հայկական համայնքներու փոխկապակցութեան:

Շուտով պիտի հաղորդենք մեր նոր ռազմավարական ծրագիրի մանրամասնութիւնները մեր թարմացուած կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ նախատեսուած շարք մըմիջոցառումներու ընթացքին: Ներկայիս կ’ամբողջացնենք 2014 տարեշրջանէն ի վեր մեր կողմէ աջակցութիւն ստացած ծրագիրներու եւ տրամադրուած կրթաթոշակներու ցուցակները. թափանցիկութեան համար, այս բոլորը պիտի տեղադրուին մեր կայքէջին վրայ: Հոն պիտի գտնէք նաեւ վերջին տասը տարիներուն մեր ծաւալած գործունէութեան հաշուետուութիւնը:

Մինչեւ այստեղ, գրութիւնս անդրադարձաւ ապագային: Ինչպէս նշեցի, տասնամեայ նշաձողը նաեւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ յետադարձ ակնարկով արժեւորում մը կատարելու: Ինծի յաճախ հարց տուած են, թէ որո՞նք են Բաժանմունքին ամենամեծ ձեռքբերումները, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան միանալէս ի վեր: Բարդ է հարցումը: Համառօտ՝ պիտի ուզէի նշել երեք պարզ ու յստակ ուղղութիւններ, որոնք Բաժանմունքը գլխաւորած է, կամ որոնց զարգացումին զգալիօրէն նպաստած է:

Նախ՝ արեւմտահայերէնը դրած ենք «քարտէզին վրայ»: Թէեւ շատերը կը խօսին լեզուին դիմագրաւած վտանգներուն մասին, մենք իրապէս նկատելի միջոցներ ներդրած ենք զայն կենսունակ դարձնելու, հովանաւորելով մանկավարժական գործիքներ, ուսուցիչներու զարգացումի ծրագիրներ, ուղղագրիչներ, գրականութեան թուայնացում, դպրոցական օժանդակութիւններ, հրատարակութիւններ, մշակութային ծրագիրներ, չափահասներու լեզուի դասընթացքներ եւ այլն: Այս բոլորը յարաճուն կերպով ամրապնդած է լեզուն եւ անոր նկատմամբ յառաջ բերած է նոր ոգեւորութիւն, ի մասնաւորի երիտասարդներու մօտ: Արեւմտահայերէնը «վտանգուած» լեզու է, մեռած լեզու չէ՛: Ներկայ սերունդը հնարաւորութիւնը ունի շրջելու գործընթացը, եւ մենք ուրախ ենք ըլլալու այս շարժումին առաջնորդներէն մէկը:

Երկրորդ՝ մեր հետազօտական եւ թարգմանական դրամաշնորհներու միջոցով, մենք առանցքային դեր ունինք հայագիտութեան «արդիականացման» մէջ՝ մէկ կողմէն աւելի շատ ժամանակակից նիւթերու հետազօտութիւններ հովանաւորելով, միւս կողմէն՝ նոր մտածողութիւն ու մօտեցումներ բերելով Հայաստան՝ ընկերային գիտութեան/հասարակագիտական կարեւոր նիւթերու թարգմանութիւններու միջոցով։ Այս ոլորտին մէջ շատ աւելին կ’ակնկալուի, եւ հետեւաբար յառաջիկայ հինգ տարիներուն մեր բացայայտ կենդրոնացումը պիտի դրուի վերոնշեալ երկու ուղղութիւններուն վրայ: Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը, Հայաստանի մէջ այժմէկան նիւթերու, ինչպէս նաև հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ լայն առումով հայագիտական ուսումնասիրութեանց համար տրամադրուած կրթաթոշակներն ու գիտահետազօտական դրամաշնորհները, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններու շարքի հովանաւորումը այս գործունէութեան վառ օրինակներ են:

Երրորդ, չեմ կրնար չանդրադառնալ համալսարանական մեր կրթաթոշակներու ծրագիրին, որ աջակցած է աշխարհասփիւռ հազարաւոր ուսանողներու: Այս մէկը ստոյգ հպարտութեան առիթ է: Հայագիտական ոլորտի մէջ ներկայիս գործող նոր տաղանդներէն շատերը անցեալին արժանացած են Կիւլպէնկեանի տրամադրած կրթաթոշակներու: Ամեն տարի 8-15 մագիստրոսական, դոկտորական եւ յետդոկտորական կրթաթոշակներ կը տրամադրենք միայն հայագիտական ոլորտի ուսանողներու (Հայաստանէն դուրս), որոնց կողքին՝ բազմաթիւ այլ կրթաթոշակներ։ Նպաստներ կը յատկացնենք նաեւ գիտական  ոլորտներու հետազօտողներուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններու հետեւող հայ ուսանողներուն, ներառեալ գիտաժողովի եւ ճամփորդական դրամաշնորհներ՝ Հայաստան գործող երիտասարդ հետազօտողներու համար:

Համոզուած եմ, որ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին փոխակերպող դեր խաղացած է այս երեք ոլորտներուն մէջ: Յառաջիկայ հինգ տարիներուն մեր ծրագրային չորս հիմնասիւները պիտի առաջնորդուին վերոնշեալ ուղղութիւններով՝ միշտ նկատի ունենալով շրջարկը ուր մենք կը գործենք, եւ կեդրոնանալով Սփիւռքի եւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Ճկունութիւնը (մանաւանդ ճգնաժամերու ընթացքին) նպաստատու կազմակերպութիւններու յաջողութեան բանալին է. ճկունութիւն ցուցաբերեցինք համաճարակին եւ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ տրամադրելով մարդասիրական օժանդակութիւններ կամ հիմնովին փոխելով մեր նախագիծերը՝ միաժամանակ չշեղելով մեր աշխատանքային ուղիէն:

Իսկ ներքին մակարդակով, նախորդ տարի վերամշակեցինք մեր կայքէջը, ամբողջութեամբ վերածելով երկլեզու էջի՝ անգլերէն եւ արեւմտահայերէն: Նոյնիսկ «թխուկներու քաղաքականութիւնը» հայերէնով է: Աւելցուցինք մեր մարդուժը՝ նշանակելով նոր Օգնական Տնօրէն՝ Շողեր Մարկոսեանը: Մեկնարկեցինք Facebook-ի վրայ մեր բաժանմունքի սեփական էջը, անմիջականօրէն ներգրաւուելու ընկերային ցանցերուն մէջ: Խնդրեմ, հետեւեցէ՛ք մեր էջին:

Առաջիկայ ամիսներուն, մինչ կը սկսինք իրագործել նոր հնգամեայ ծրագիրը, մեծագոյն մարտահրաւէրս պիտի ըլլայ ապահովել ծրագիրի շարունակականութիւնն ու միաժամանակ անոր փոփոխութեան գործընթացը: Փոփոխութիւնը կ’ենթադրէ գտնել նոր հաւասարակշռութիւն մը հին եւ նոր նպաստառուներու միջեւ. դժուար պիտի ըլլայ որոշ ծրագիրներու օժանդակութիւնը դադրեցնել, մանաւանդ տարիներու համագործակցութենէ ետք: Սակայն պատրաստ ենք դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրներ, մշակելու նոր նախագիծեր, եւ զարգացնելու նոր համագործակցութիւններ։

Գալով ընթացիկ նախաձեռնութիւններուն, հարկ է միշտ ի մտի ունենալ հետեւեալ հարցադրումը՝ «ո՞ւր է տուեալ նախագիծին դրական ներգործութիւնը»։ Այս հարցումին պատասխանը միշտ պէտք է կարենանք տալ Հիմնարկութեան Հոգաբարձու Խորհուրդին, եւ աւելին՝ մեր հանրութեան: Կ’ընդունինք, որ դրական ներգործութիւն մը ցոյց տալը՝ որպէս շօշափելի ցուցիչ, դժուար է, յատկապէս երբ նիւթը կը վերաբերի լեզուին, մշակոյթին եւ կրթութեան: Հարկ է աշխատիլ այդ ուղղութեամբ՝ համագործակցելով Հիմնարկութեան այլ նպաստատու բաժանմունքներու մէջ աշխատող գործընկերներու հետ։

Ոգեւորուա՛ծ ենք յառաջիկայ հինգ տարիներով: Պիտի շարունակենք հովանաւորել ծրագիրներ, մշակել նոր նախագիծեր, դասեր քաղել մարտահրաւէրներէն եւ շարունակել մեր երթը: Միշտ օրինակ ծառայած է ինծի մեր մեծ սերունդը, որ Ցեղասպանութենէն ետք իր կեանքը, մշակոյթը, լեզուն եւ կենսունակ համայնքներ կերտեց Սփիւռքի մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեանը անձամբ, 1920-1930-ական թուականներուն իր իւրայատուկ դերը ունեցաւ վերակառուցման այդ գործընթացին մէջ։ Մենք  կրնանք նոյնը ընել. փաստօրէն ա՛յս է մեր փիլիսոփայութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն ներս:

Ռազմիկ Փանոսեան

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities.

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment