Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Յայտարարութիւն Տարածած Է Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Լահէյի Դատարանի Որոշման Մասին

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Յայտարարութիւն Տարածած Է Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Լահէյի Դատարանի Որոշման Մասին

by MassisPost

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշման առնչութեամբ:

«Ֆրանսան ուշադրութեամբ հետեւած է եւ ի գիտութիւն ընդունած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը` կապուած Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող իրավիճակին հետ: Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի հիման վրայ դատարանը խնդրած է, որ մինչեւ վերջնական որոշում կայացնելը Ատրպէյճանը ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները` ապահովելու մարդոց, փոխադրական միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ: Ֆրանսան կը յիշեցնէ իր անսասան աջակցութիւնը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին եւ անոր որոշումներուն պարտադիր բնոյթը, ներառեալ` նշեալ խափանման միջոցները», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment