Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի Այցը Իրլանտա

ՀՀ Դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի Այցը Իրլանտա

by MassisPost

Փետրուար 21-ին Մեծ Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Իրլանտա կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ հանդիպած է Իրլանտայի Ներկայացուցչներու Պալատի Նախագահ Շոն Օ. Ֆերկհէյլի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւ Իրլանտայի միջեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը խթանելու, ինչպէս միջխորհրդարանական տարբեր կառոյցներու մէջ երկու երկիրներու նախաձեռնութիւններուն փոխադարձ աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ:

Դեսպան Վ. Ներսէսեան Իրլանտայի խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող ծանր մարդասիրական ճգնաժամը եւ ընդգծեց միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական քայլերու անհրաժեշտութիւնը` ուղղուած Լաչինի միջանցքի անխոչընդոտ երթեւեկութեան վերականգնման:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Իրլանտա յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգային հարցերուն, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման հեռանկարներուն, այդ շարքին` միջխորհրդարանական աշխոյժ փոխգործակցութեան միջոցով:

Փետրուար 22-ին Ներսէսեանը  հանդիպեցաւ Իրլանտայի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նախագահ Չարլզ Ֆլանականի հետ:

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Վ. Ներսէսեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Իրլանտայի միջեւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու փոխայցելութիւններու օգտակարութիւնը հայ-իրլանտական երկկողմ օրակարգի ընդլայնման գործին մէջ:

Կողմերը քննարկեցին Հայաստանի եւ Իրլանտայի միջեւ բազմակողմ հարթակներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ, համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Այս առումով դեսպանը կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու ԵՄ որոշումը` յոյս յայտնելով, որ առաքելութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման:

Դեսպան Վ. Ներսէսեան վերահաստատեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը վերացնելու եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած երթեւեկութեան կանոնաւոր շարժը վերականգնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` առանց որեւէ նախապայմանի:

Դեսպան Ներսէսեան Յանձնաժողովի նախագահին ներկայացուց նաեւ Հայաստանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, լայնածաւալ ժողովրդավարական բարեփոխումները` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, մարդու իրաւունքներու ապահովման ու պաշտպանութեան, տնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու հետագայ ազատականացման:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի:

Փետրուար 22-ին դեսպան Ներսէսեան ելոյթով հանդէս եկած է Իրլանտայի Թրինիթի քոլեճին մէջ: Իր ելոյթին մէջ դեսպան Ներսէսեան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, երկրին մէջ իրականացուող ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներուն, տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակին եւ անվտանգային մարտահրաւէրներուն:

Դեսպանը ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համառօտ պատմութիւնը եւ 2020 թուականի պատերազմին հետեւանքները: Այս ծիրին մէջ ան հանգամանալիօրէն անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակման` նշելով անոր ծանր հետեւանքները Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն հասցուած վնասը:

Դեսպանը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Իրլանտա յարաբերութիւններու ապագային իր տեսլականը եւ երկկողմ օրակարգը աւելի յառաջ մղելու ուղղութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment