Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ամերիկացի Տիեզերագնացը Մերժած Է Մասնակցիլ Պաքուի Միջազգային Տիեզերագնացութեան Գոնկրէսին` Ատրպէյճանը Մեղադրելով Հայաստանի Դէմ Յարձակման Համար

Ամերիկացի Տիեզերագնացը Մերժած Է Մասնակցիլ Պաքուի Միջազգային Տիեզերագնացութեան Գոնկրէսին` Ատրպէյճանը Մեղադրելով Հայաստանի Դէմ Յարձակման Համար

by MassisPost

Ամերիկացի յայտնի տիեզերագնաց Կարեթ Ռեյզման մերժած է մասնակցիլ Պաքուի մէջ կայանալիք Միջազգային Տիեզերագնացութեան Գոնկրէսին: Ան Թուիթըրով արձագանգած է Տիեզերագնացութեան Միջազգային ֆետերասիոնի յայտարարութեան (IAF) Պաքուի Գոնկրէսին մասնակցելու վերաբերեալ:

«Ինչո՞ւ IAC-ը (Միջազգային Տիեզերագնացութեան Գոնկրէս) Ատրպէյճանի մէջ է․ երկիր մը, որ մեղաւոր է վերջին ռազմական յարձակման մէջ իր հարեւան Հայաստանի դէմ: Ատրպէյճանը ամենափտած երկիրներէն է, որ ունի Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու ամենավատ ցուցանիշերէն մէկը: Ռազմական յարձակումը սկսած է անցեալ Սեպտեմբերին ու դատապարտուած է Եւրոխորհրադարանին կողմէ: Freedom House-ի վերջին զեկոյցին մէջ Ատրպէյճանը քառակողմ կապի մէջ է Ռուսիոյ, Թուրքմէնիստանի եւ Ուզպեքիստանի հետ` որպէս Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ամենափտած երկիրներ: «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութիւնը Մամուլի ազատութեան ցուցակով 180 երկիրներու շարքին Ատրպէյճանը կը դասէ 154-րդ տեղը (ընդամէնը 1 տեղ առաջ Ռուսիայէն, կը շնորհաւորեմ Ատրպէյճանը): «Թրանսփարէնսի Ինթըրնեշընըլ»-ը Ատրպէյճանը կը դասակարգէ 128-րդ տեղը 180 երկիրներու մէջ` իրենց ներկայիս փտածութեան ընկալման ցուցակով, կրկին Ռուսիայէն ընդամէնը մէկ տեղով բարձր», գրած է Ռեյզման:

Պաքուի մէջ Միջազգային Տիեզերագնացութեան Գոնկրէսը նախանշուած է այս տարուան 2-6 Հոկտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment