Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Պէտք Է Թուլցնեն Լարուածութիւնը․ Նետ Փրայս

Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Պէտք Է Թուլցնեն Լարուածութիւնը․ Նետ Փրայս

by MassisPost

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պէտք է թուլցնեն լարուածութիւնը եւ ընթանան համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան ուղիով: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը:

«Թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ատրպէյճանին` երկու կողմերուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին ուղղուած մեր ուղերձը այն է, որ հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլցնելու ուղի գտնել եւ դարձեալ ընթանալ համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան ուղիով», շեշտած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը եւ յաւելած, որ Ուաշինկթընը երկկողմանիօրէն եւ բազմակողմանիօրէն նեգրաւուած եղած է այդ ջանքերուն մէջ:

«Մենք պիտի շարունակենք ընել հնարաւոր ամէն բան կողմերուն հետ ուղիղ, ինչպէս նաեւ` բազմակողմ կառոյցներու եւ խմբաւորումներու միջոցով, այդ գործը յառաջ մղելու համար: Յոյս ունինք, որ միւս երկիրները պիտի ուղարկեն ճիշդ նոյն ուղերձը», ըսած է Փրայս:

Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը նաեւ ողջունած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն յետոյ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment