Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին Պիտի Մասնակցին Նաեւ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Արարատ Միրզոյեանը

Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին Պիտի Մասնակցին Նաեւ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Արարատ Միրզոյեանը

by MassisPost

Համաշխարհային առաջնորդները այս շաբաթ պիտի հաւաքուին Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին: ՀՀ կառավարութեան լրատուականէն Civic.am-ին յայտնեցին, որ այս համաժողովին նախատեսուած է  ինչպէս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, այնպէս ալ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութիւնը:

Եռօրեայ տարեկան համաժողովին պիտի մասնակցին ԱՄՆ փոխնախագահ Քամիլա Հարիսը, Չինաստանի բարձրաստիճան դիւանագէտ Վան Ինը, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 6-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի նախագահ Քրիսթոֆ Եոյսկենի հետ: Կողմերը անդրադարձած էին  տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան շարք մը հարցերու:

Զրուցակիցները քննարկած էին նաեւ Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment