Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արտաքին Գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Այցելած է Թուրքիա

Հայաստանի Արտաքին Գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Այցելած է Թուրքիա

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Թուրքիոյ Ատըյաման քաղաք, ուր որոնողափրկարարական աշխատանքներ կ’իրականացնեն հայ փրկարարները:  Օդակայանին մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին դիմաւորած է Ատըյամանի մէջ միջազգային որոնողափրկարարական խումբերու աշխատանքները համակարգող, դիւանագէտ Ճերեն Եազկանը:

Անգարայի մէջ կալացած հանդիպումի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ըսած է, որ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է իր հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ` արագացնելու ենթակառուցուածքներու պատրաստման գործընթացը երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային հաղորդակցութեան բացման համար:

«Երկու կողմերն ալ ունին սահմանային անցակէտերու մօտ ճանապարհներու եւ կամուրջներու վերլուծութիւններու եւ ստուգումներու արդիւնքները: Աշխատանքներ կը տարուին, կան քայլեր, որոնք մենք պիտի ձեռնարկենք սահմանային անցակէտեր տանող ճանապարհներուն հետ կապուած: Այսօր մենք պայմանաւորուած ենք արագացնելու այդ միջոցառումներուն ընդունումը», ըսած է Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ Միրզոյեանի հետ կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին:

Ան յիշեցուցած է, որ այդ երթուղին կը համարուի պատմական «Մետաքսի ճանապարհ», եւ «անոր վերականգնումը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ»:

Միաժամանակ Միրզոյեան ըսած է, որ Երեւանը պատրաստ է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու լիովին կարգաւորման եւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան վերականգնման: Ան հաղորդած է, որ երկիրները մտադիր են համատեղ վերանորոգել Անիի կամուրջը, որ կը գտնուի երկու երկիրներու սահմանին:

«Մեր այսօրուայ հանդիպումը, ի հարկէ, պայմանաւորուած է բազում կեանքեր խլած աղէտով, սակայն, այս դժուարին պահին գտնուելով Թուրքիայում, եւս մէկ անգամ ցանկանում եմ վերահաստատել տարածաշրջանում խաղաղութիւն կառուցելու եւ, մասնաւորապէս, Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորման` դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման ու Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանի ամբողջական բացման հարցում Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը եւ ձգտումը: Ուզում եմ տեղեկացնել, ինչպէս նախարար Չաւուշօղլուն քիչ առաջ նշեց, որ այսօր մենք քննարկել ենք այս գործընթացին վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ, ունենք համաձայնութիւն համատեղ ջանքերով վերանորոգել Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանել համապատասխան ենթակառուցուածքների մասին` սահմանի ամբողջական բացմանն ընդառաջ», եզրափակած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը:

Իր կարգին, Ֆրանսան ողջունած է Արարատ Միրզոյեանի այցելութիւնը Թուրքիա` երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան Հայաստանի տրամադրած աջակցութեան ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment