Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2022 Թուականին Հայաստանի Քաղաքացիութեան Համար Դիմած Է 25 Հազար Հայ

2022 Թուականին Հայաստանի Քաղաքացիութեան Համար Դիմած Է 25 Հազար Հայ

by MassisPost

Հայրենադարձութեան կշռոյթները վերջին տարիներուն նկատելի կ’աճին: 2022 թուականին Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած է 25 հազար հայ:  «Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան նշեց, որ սա 1991 թուականէն ի վեր ամենամեծ ցուցանիշն է: 2018-2021 թուականներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերած է շուրջ 40 հազար հայ:

«Ի հարկէ, քաղաքացիութիւն ստանալը դեռ հայրենադարձութիւն չէ, սակայն գործընթացը սկսւում է հէնց դրանից: Դա առաջին եւ խոշոր քայլն է: Փորձը ցոյց է տալիս, որ նրանց զգալի մասը վերադառնում է Հայաստան: Հայրենադարձութիւնն այլընտրանք չունի պետութեան զարգացման համար», ըսաւ Յովհաննէս Ալեքսանեանը:

ՀՀ քաղաքացիութեան համար դիմողներէն, հայրենդարձներէն շատերը Ռուսիայէն են, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլն: Անոր խօսքով` հայրենադարձները նոր մշակոյթ կը բերեն իրենց հետ` կրթական, աշխատանքային: Շատերը կը բանան առեւտրային ընկերութիւններ, իրենց գործընկերները կը բերեն: Կու գան մասնագէտներ, որոնք կը ներկայացնեն ծառայութիւններու ոլորտը, հիւրանոցային առեւտուրը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, շինարարներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ:

«Ցանկանում ենք նաեւ այս հարցը չքաղաքականացնել: Յաճախ նշւում է, որ դա պայմանաւորուած է պատերազմական գործողութիւններով: Ասեմ, որ հայրենադարձութեան լաւագոյն փորձ ունեցող երկրները միշտ փորձում են օգտագործել ճգնաժամային իրավիճակները, որոնք թոյլ են տալիս աշխուժօրէն խթանել հայրենադարձութիւնը», ըսաւ Յովհաննէս Ալեքսանեանը:

Խօսելով հայրենադարձներու խնդիրներուն մասին` Յովհաննէս Ալեքսանեանը նշեց, որ շրջանակը լայն է` երեխաները դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն մէջ տեղաւորել, բնակարանային, անձնական բեռները տեղափոխելու հարց եւ այլն: Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը այդ հարցերով կը գործակցի պետական բոլոր օղակներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment