Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սէյրան Օհանեանի Եւ Արմէն Չարչեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Հանրային Քրէական Հետապնդում

Սէյրան Օհանեանի Եւ Արմէն Չարչեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Հանրային Քրէական Հետապնդում

by MassisPost

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեանի եւ Արմէն Չարչեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում: «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Լուսինէ Մարտիրոսեանը: Ան նշած է, որ Սէյրան Օհանեանին մեղադրանք առաջադրուած է:

Սէյրան Օհանեանը կը մեղադրուի այն բանով, որ oգտագործելով պաշտօնէական դիրքը` աջանձնապէս մեծ չափերով վատնում կատարած է (2 դրուագ), ինչպէս նաեւ անձնական այլ շահագրգռուածութենէ եւ խմբային շահերէ ելլելով` իր պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործած է, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ (2 դրուագ):

Արմէն Չարչեանը կը մեղադրուի հանրութեան յայտնի «հաց բերողի»` Արթուր Սարգսեանի գործով կեղծ բժշկական եզրակացութիւն տալու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment