Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոխորհրդարանի Յանձնաժողովի Զեկոյցը Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Դուրս Բերելու Զօրքերը Հայաստանի Տարածքէն

Եւրոխորհրդարանի Յանձնաժողովի Զեկոյցը Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Դուրս Բերելու Զօրքերը Հայաստանի Տարածքէն

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նոր զեկոյցը կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքէն: Խաղաղութեան որեւէ պայմանագիր պէտք է ներառէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու արագ եւ անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ, կ’ընդգծէ զեկոյցը:

«Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զեկոյցը եւս մէկ անգամ կը վերահաստատէ Եւրոխորհրդարանի հաւատարմութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ շարք մը կարեւոր ոլորտներու մէջ Հայաստանի եւ ԵՄ համագործակցութեան: Որպէս այս ուղղութեամբ կենսական քայլ` մենք կ’ողջունենք Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ստեղծումը եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք երաշխաւորելու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը Լաչինի միջանցքով, որ գրեթէ երկու ամիսէ արգելափակուած է», յայտնած է զեկուցող Անտրէ Քովաչեւը քուէարկութենէն յետոյ:

Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները վերանայող` նախօրէին ընդունուած զեկոյցին մէջ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները խստօրէն կը դատապարտեն 2022 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը:

Զեկոյցը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքի բոլոր հատուածներէն, նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ կ’ընէ աշխատելու համապարփակ եւ փոխընդունելի խաղաղութեան պայմանագրի վրայ:

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կը գովաբանեն Հայաստանին վերջին տարիներուն ձեռնարկած նշանակալի բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարացման գործընթացին համար` բարեփոխումներ, «որոնց շնորհիւ երկիրը դարձաւ ժողովրդավարութեան առաջատարը տարածաշրջանին մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment