Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայումը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Աշխարհաքաղաքական Ենթաբովանդակութիւն Չունի․ Փաշինեան

ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայումը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Աշխարհաքաղաքական Ենթաբովանդակութիւն Չունի․ Փաշինեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը համաձայնեցաւ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւն տեղակայել հայ-ատրպէյճանական սահմանին, իսկ ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւն` ոչ:

ԱԺ-ի մէջ կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հռիփսիմէ Գրիգորեան նշեց, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ մամուլին մէջ տեղ գտան հրապարակումներ, որոշ պարագայի շահարկումներ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ՀՀ կառավարութիւնը նախընտրեց ընդունիլ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը, իսկ ՀԱՊԿ առաքելութիւնը` ոչ: Ըստ պատգամաւորին` որոշ շրջանակներ աւելի հեռու անգամ գացին` փորձելով աշխարհաքաղաքական երանգներ տալ թեմային: Գրիգորեան հետաքրքրուեցաւ վարչապետէն, թէ ինչ կարծիք ունի ան այս հարցին շուրջ:

Վարչապետը համաձայնեցաւ պատգամաւորի հետ, նշելով որ թեմային հետ կապուած բազմաթիւ թիւրըմբռնումներ կան, այդ շարքին` Հայաստանի փորձագիտական շրջանին մէջ, որովհետեւ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս ստացուսծ է, որ ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւնը չի ժամաներ Հայաստան, իսկ եւրոպական դիտորդական առաքելութիւնը կը ժամանէ:

«ՀԱՊԿ-ի պարագայում շատ յստակ ձեւակերպել ենք խնդիր․ քանի որ ՀԱՊԿ-ն ունի շատ մանրամասն նկարագրութիւններով փաստաթղթեր, այդ թւում` ճգնաժամային իրավիճակների արձագանգման կանոնակարգը, որը ընդունուել է դեռեւս 2010 թուականին, որտեղ յստակ գրուած են գործողութիւնները, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կայ յստակ ըմբռնում եւ հասկացութիւն ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտու մասին: Մենք ՀԱՊԿ-ից խնդրել ենք ամենակարեւոր սկզբունքային մի բան` ճշգրտել Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Այսինքն` մեզ ասել իրենց պատկերացումը, թէ ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մենք այս հարցի յստակ պատասխանը չենք ստացել: Միւս կողմից` ինչո՞ւ է հնարաւոր դարձել Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործուղումը, որովհետեւ Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման արդիւնքում Եւրոմիութիւնը յստակ գծագրել է, այդ թւում` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ եւ համաձայնութեամբ, թէ որն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այսինքն` իրենք ասել են, որ մեր պատկերացմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէզը սա է կամ մենք ենք ասել, նրանք ընդունել են ի գիտութիւն եւ հաստատել են: Իրենք գալիս են այդ տարածքը վերահասկողութիւն անելու, դիտելու», պարզաբանեց վարչապետը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ առանց տարածքի մասին պատկերացման դիտորդական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ տարօրինակ, որովհետեւ իրենց համար պարզ չէ, թէ իրենք ինչ պիտի դիտարկեն:

«Հարցը առաջացել է այն իրավիճակից, երբ Ատրպէյճանը բռնագրաւել է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները: Եթէ որեւէ առաքելութիւն չգիտի, թէ որն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, ինչպէ՞ս է ինքը դիտարկելու` բռնագրաւուա՞ծ է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թէ՞ ոչ: Սա ամենակարեւոր խնդիրն է», ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան յայտնեց նաեւ, որ մինչեւ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը` Ատրպէյճանը արեւմտեան հարթակներուն մէջ իր նախայարձակ գործողութիւնները ընդդէմ Հայաստանի կը բացատրէր անով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը աւելի ու աւելի շատ Ռուսիոյ զօրքեր կը տեղակայէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ կը պատրաստուի հայ-ռուսական համատեղ յարձակումի Ատրպէյճանի դէմ, իսկ Ատրպէյճանը իր յարձակումներով պարզապէս կը փորձէ շատ թէ քիչ հաւասարակշռել իրավիճակը, իր խոցելիութիւնները կառավարելու համար:

«Այս գործընթացը շարունակւում էր: Ընդ որում, արդէն ասել եմ, որ Արեւմուտքում փորձ էր արւում Հայաստանը ներկայացնել որպէս «Ռուսաստանի նախայարձակ քաղաքականութեան» մասնակից, իսկ Ռուսաստանում փորձ էր արւում ներկայացնել որպէս արեւմտեան դաւադրութեան մասնակից: Քանի որ Ռուսաստանի գործընկերները տեղում ունէին ներկայացուցիչներ եւ Արեւմտեան մեր գործընկերները արդէն սկսել էին մեզ խէթ նայել, ասելով, թէ դուք փաստօրէն պատրաստւում էք նախայարձակ գործողութիւնների, որովհետեւ այնտեղ ռուսական եւ հայկական զօրքերի մեծ կուտակումներ կան, պատրաստւում էք յարձակուել Ատրպէյճանի վրայ, խեղճ ատրպէյճանցիները ստիպուած բարձունքներ են ուզում գրաւել, ցանկանալով հաւասարակշռել իրավիճակը: Հասկանալով, որ շատ մեծ աղբիւրներ են ծախսում դրա վրայ, ասացինք` շատ լաւ, եկէք դիտարկէք այդ ամէն ինչը իրականութեանը համապատասխանո՞ւմ է, թէ՞ ոչ: Անկիւնաքարային դրոյթը նա է, որ աշխարհաքաղաքական ենթաբովանդակութիւն, բնականաբար, այս ամէն ինչում չկայ: Կայ յստակ օրակարգ, կայ յստակ հարց, որը փորձում ենք լուծել», եզրափակեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment