Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Փրկարարները Արդէն Աղէտի Գօտիին Մէջ Են

Հայաստանի Փրկարարները Արդէն Աղէտի Գօտիին Մէջ Են

by MassisPost

Հայաստանը Թուրքիա ուղարկած է 27, իսկ Սուրիա` 29 փրկարար: Երկու խումբն ալ արդէն աղէտի գօտիին մէջ են:

Նախօրէին վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներուն հետ` ընդգծելով, որ Հայաստանը որպէս առաջնահերթութիւն Սուրիա պիտի ուղարկէ սնունդ, Թուրքիոյ պարագային` փրկարարներ:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան փոխանցմամբ, փրկարարներուն հետ տեղ հասած է նաեւ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող օդանաւը: Այս բեռը խիստ անհրաժեշտ կը համարէ Սուրիոյ հայ համայնքը:

«Երկրի շրջափակուած ըլլալուն հետեւանքով դեղորայքի, բժշկական շտապ օգնութեան սարքերու պակասն է: Պատկերացուէք, երկրաշարժի պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պետութիւնը հազիւ կը կարենայ, թէեւ որոշ արաբական երկիրներէ օժանդակութիւնները հասան բարեբախտաբար, պետութիւնը ամբողջ իր տրամադրութեան տակ եղող հիւանդանոցներ, բժշկական կեդրոններ, շարժական բժշկական կէտեր, ինչ որ կարելի է տրամադրած է»,  «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցին ըսաւ Հալէպի մէջ լոյս տեսնող «Գանձասար» հայկական պարբերականի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը:

Երկու երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ զոհերու թիւը նախնական տուեալներով կը հասնի 10-ի, 8-ը` Թուրքիոյ մէջ, 2-ը` Սուրիոյ մէջ: Դեռ երէկ հաղորդուած էր, որ Հալէպի մէջ 4 հայ զոհ կայ: Պողիկեանի փոխանցմամբ, անոնցմէ երկուքը, բարեբախտաբար, ողջ յայտնաբերուած են. «Միայն Հալէպի մէջ մենք ունեցանք երկու զոհ եւ տասը վիրաւոր: Երկուքը հիւանդանոցն են տակաւին, վիրաբուժութեան ենթարկուեցան, կայուն է իրենց վիճակը: Մնացեալը թեթեւ վնասուածքներ էին բարեբախտաբար: Զոհերը իմ մօտիկ բարեկամներս էին, Թենեքեճեան ընտանիքն էր, մայրը Միրնա Թենեքեճեան, որ երիտասարդ, 49-ամեայ կին մըն էր: Իր որդին պատանի էր տակաւին, մարզիկ էր, միջնակարգի ուսանող էր, Ալպեր Թենեքեճեան»:

Պողիկեան ըսաւ, որ շարունակուող յետցնցումներուն պատճառով չեն կրնար յաղթահարել վախը. «Տունն էինք ընտանեօք, իրար գրկած կեցանք տան դռներուն մէջ` ենթադրելով, որ քանի մը երկվայրկեանէն ցնցումը կը կենայ: Բայց երբ որ տեսանք ուժեղ է եւ երկար տեւեց` մօտաւորապէս երկու րոպէ, եւ սկսան փուլ գալու ձայներ, կոտրտուքի ձայներ, մեր տան մէջ իրեր կոտրտուեցան, պատը ճեղքուեցաւ…»

Պողիկեան պատմեց, որ աղէտի գօտիին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է, բաց են միայն սննդամթերքի խանութները, փակուած են աշխատատեղիները, բոլոր ուսումնական հաստատութիւնները: Ջուրը, լոյսը ժամով կու տան, պետութիւնը տուժածներուն առաջին անհրաժեշտութեան սնունդ ու պարագաներ կը տրամադրէ:

«Հայ համայնքը նախ տնտեսական անմիջական օժանդակութեան կարիք ունի, դեղորայքի, սնունդի, բժշկական առաջին օգնութեան», ըսաւ Պողիկեան:

Անոր ընտանիքը երկու օր դուրսը գիշերած է, ու չնայած բնակարանին մէջ ցնցումներէն յառաջացած ճաքերին ու վնասներուն, առաւօտեան տուն վերադարձած են. «Շատ ցուրտ է: Գիշերը մենք դուրսը անձրեւին տակ մնացած ենք»:

Պետութիւնը ստուգած ու եզրակացուցած է, որ անոնց տունը պիտի չփլուզուի: Շատ բնակարաններ, սակայն, դարձած են բնակութեան համար ոչ-պիտանի: Այս է պատճառը, որ շատերը ստիպուած եղած են բաց երկինքի տակ գիշերել:

***

Հարեւան երկու երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերի զոհերուն թիւը արդէն անցած է 10 հազարը: Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան եւս Հայաստանի կառավարութեան օգնութիւնը աննախադէպ աղէտի այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ կը համարէ: Կը յիշեցնէ, որ պաշտօնական Երեւանը նախապէս ալ փրկարարներ ուղարկած է Թուրքիա, որուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ արդէն երեք տասնամեակէ չունի. «Այսպիսի մարդասիրական առումով ծանր պահին, այսպիսի ողբերգութեան դիմաց Հայաստանէն ցուցաբերուած վերաբերմունքը մէկ կողմէ շատ բնական է, միւս կողմէ ալ` ուղիղ համեմատութեան մէջ է միջազգային հանրութեան արձագանգին հետ, քանի որ ամբողջ աշխարհէն զօրակցութեան ուղերձներ կը հասնին Թուրքիա»:

Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը կը շարունակէ ճշդել աւերիչ երկրաշարժին հայազգի զոհերու եւ անհետ կորսուածներու տուեալները: Թրքական Մալաթիոյ մէջ դեռ կ’որոնեն հայազգի երգչուհի Զինա Տիգրիսն ու անոր ամուսինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment