Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հալէպի Մէջ Տեղատարափ Անձրեւ Է, Ցուրտ Է, Լրիւ Հալէպը Դուրսերն Են` Շէնք Չեն Ելած, Ցնցումներ Դեռ Կան». Կը Պատմէ Սուրիահայ Սալբի Քէլէշեանը

«Հալէպի Մէջ Տեղատարափ Անձրեւ Է, Ցուրտ Է, Լրիւ Հալէպը Դուրսերն Են` Շէնք Չեն Ելած, Ցնցումներ Դեռ Կան». Կը Պատմէ Սուրիահայ Սալբի Քէլէշեանը

by MassisPost

«Լրիւ Հալէպը նախօրէին բացօթեայ տեղեր գացին, քիչ մը կեդրոնէն դուրս ելան ինքնաշարժներով ու այդտեղ քնացան` պզտիկներով, կիներով: Լրիւ օրը տուն չմտան, դուրսը քնեցան: Շատ ցուրտ է եւ անձրեւ, քոյրս կ’ըսէ, որ տեղատարափ անձրեւ կու գայ, եւ մենք կը մսինք, դուրսերն ենք, շէնք չենք ելած` ցնցումներ դեռ կան», Civic.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ 2012 թուականին Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած Սալբի Քէլէշէանը:

Սալբի Քէլէշէանի հարազատները, այդ շարքին` իր քոյրը, ամուսնոյն քոյրն ու եղբայրները, իրենց ընտանիքներով տակաւին Հալէպ կ’ապրին` Վիլլաներ եւ Սուլէմանիէ թաղամասերուն մէջ:

Մեր զրուցակիցը պատմեց, որ այն շէնքերը, ուր իրենց հարազատները կ’ապրին, չեն աւերուած երկրաշարժէն, բայց տան իրերը ամբողջութեամբ վնասուած են` պահարանները, հեռուստացոյցը գետին ինկած ու կոտրուած են: Անոր խօսքով` Հալէպի մէջ բոլորը դուրսը գիշերած են, նոյնիսկ այն մարդիկ, որոնց շէնքերը չեն վնասուած երկրաշարժէն:

Հարցին` կառավարութիւնը բնակիչները ապահով քաղաքներ տեղափոխելու քայլեր կը ձեռնարկէ՞, Սալբի Քէլէշէանը արձագանգեց. «Կառավարութիւնը այդ կարողութիւնը չունի: Հալէպի ժողովուրդը արդէն աղքատ ժողովուրդ է: Պատերազմեն ի վեր լոյս չունին, կազ չունին: Կառավարութիւնը օրական 2 ժամ հոսանք կու տայ, շիշերով կազ կու տայ, բայց օրէնք դրած է, թէ որ օրերը կրնան գնել կազը», ըսաւ ան ու յաւելեց, որ պենզինը եւ հացը եւս սահմանուած քանակով կը տրուին բնակիչներուն. «Հալէպը դարձած է մեռեալ քաղաք, երբ մենք անցեալ տարի գացինք, ոչ մէկ ինքնաշարժ կ’անցնի, ոչ մէկ մարդ կայ, շէնքերը դատարկ, հայկական թաղամասերը լալիք վիճակ է»:

Սալբիին քոյրը հեռախօսազրոյցի ժամանակ պատմած է, որ հայերը եկեղեցիներու եւ դպրոցներու բակերը, սրահները բացած են, եւ փափաքողները այնտեղ կը մնան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment