Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Տիգրանակերտցի Հայ Երգչուհին Փլատակներուն Տակ Մնացած Է

Տիգրանակերտցի Հայ Երգչուհին Փլատակներուն Տակ Մնացած Է

by MassisPost

Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին հետեւանքով փլատակներուն տակ մնացած են նաեւ Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը: Այդ մասին Akunq.net-ը տեղեկացած է դարձեալ տիգրանակերտցի հայ արուեստի գործիչներէն Ուտի Երուանդի ֆէյսպուքեան գրառումէն:

Աղբիւրին համաձայն` Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը` Չաղտաշ Չանքայեան, դեռ չեն հանուած փլատակներուն տակէն: Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը յոյս յայտնած է, որ զանոնք ողջ եւ առողջ կը գտնեն եւ դուրս կը բերեն այնտեղէն:

Զիլան Տիգրիսը ծնած է 1972 թուականին, Տիգրանակերտի մէջ, ուր ստացած է թէ՛ նախակրթական, թէ՛ միջնակարգ եւ թէ՛ բարձրագոյն կրթութիւնը: Ան հայկական ծագում ունի ե՛ւ մօրական, ե՛ւ հօրական կողմէ:

Հայազգի երգչուհին 2015 թուականի Օգոստոսին մասնակցած էր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի Տուն» ծրագրին, որու ծիրին մէջ ալ 85 հայերու հետ մէկտեղ այցելած էր Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment